Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արամայիս Աւետիսեան Ընտրուած Է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն

Արամայիս Աւետիսեան Ընտրուած Է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն

by MassisPost

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդը 22 կողմ, 0 դէմ, 2 ձեռնպահ ձայնով Արամայիս Աւետիսեանը ընտրած է Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն։

Հոգաբարձուներու Խորհուրդի 29 անդամներէն նիստին մասնակցած է 24-ը։ Արամայիս Աւետիսեան գործադիր տնօրէնի պարտականութիւնները կը ստանձնէ 2026 թուականի Օգոստոս 24-էն։

Հիմնադրամի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ’ըսուի, որ Խորհուրդին ներկայացուած իր տեսլականին մէջ Աւետիսեան առանձնացուցած է Հիմնադրամի զարգացման հիմնական ուղղութիւնները՝ կազմակերպական կարողութիւններու ամրապնդում եւ գործառնական արդիւնաւէտութեան բարձրացում, վստահութեան, հաշուետուողականութեան եւ թափանցիկութեան նոր մշակոյթի ձեւաւորում, անցում արձագանգային գործունէութենէն դէպի երկարաժամկէտ ռազմավարական ծրագրաւորում՝ պահպանելով Հայաստան-Սփիւռք կապի ամրապնդումը որպէս հիմնադրամի առանցքային առաքելութիւն։Ա

Արամայիս Աւետիսեանը տնտեսագէտ եւ կառավարման մասնագէտ է շուրջ 13 տարուայ մասնագիտական փորձով պետական, մասնաւոր եւ հասարակական ոլորտներուն մէջ։ Անոր մասնագիտական փորձը կ’ընդգրկէ կազմակերպութիւններու կառավարում եւ հաստատութենական զարգացում, ռազմավարական ծրագրաւորում, հանրային քաղաքականութիւն, շահառուներու հետ աշխատանք, դրամահաւաք եւ հաղորդակցութիւն։ 2022 թուականէն ան կը զբաղեցնէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի օգնականի պաշտօնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment