Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, ընկեր Վարդան Քէօրօղլեան, իր տիկնոջ՝ ընկերուհի Ծովիկին ընկերակցութեամբ, աշխատանքային այցելութիւն մը կատարեց Մոնթէվիտէօ, Ուրուկուայ, շրջանին մէջ կազմակերպութեան աշխատանքը ամրապնդելու նպատակով իրականացուող առաքելութեան մը ծիրէն ներս։
Մոնթէվիտէոյի մէջ իր կեցութեան ընթացքին ընկեր Քէօրօղլեան ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ՝ դեսպան Մարիամ Գէորգեանի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին դեսպանը ընդգծեց, որ իր երկամեայ առաքելութեան ամբողջ ընթացքին, Ուրուկուայի մէջ իրականացուցած զանազան ձեռնարկներուն առնչութեամբ, մշտապէս վայելած է Հնչակեան Կուսակցութեան տեղական վարչութեան աջակցութիւնն ու համագործակցութիւնը։
Իր կարգին, ընկեր Վարդան Քէօրօղլեան վերահաստատեց Կուսակցութեան աջակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որդեգրած արտաքին քաղաքական նկատմամբ։ Ան նաեւ շնորհաւորեց դեսպան Գէորգեանը Հարաւային Ամերիկայի եւ յատկապէս Ուրուկուայի մէջ իր ծաւալած բեղուն դիւանագիտական գործունէութեան համար։ Ուրուկուայը յատուկ տեղ կը գրաւէ աշխարհի հայ համայնքին սրտին մէջ՝ Հայ Դատի նկատմամբ իր պատմական համերաշխութեան եւ նուիրուածութեան շնորհիւ։
Հանդիպումներ Խորհրդարանի Պալատէն Ներս
Խորհրդարանի պալատին մէջ Հնչակեան ղեկավարը կարեւոր հանդիպումներ ունեցաւ Ուրուկուայի տարբեր քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ։
Առաջին հերթին, ան իր գրասենեակին մէջ ընդունուեցաւ «Լայն Ճակատ» (Frente Amplio) կուսակցութեան ծերակուտական եւ նախկին զբօսաշրջութեան նախարար Լիլիամ Քեչիչեանի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին ընկեր Քէօրօղլեան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց անոր՝ անցեալ Յունիսին տեղի ունեցած 20 կախաղաններու յիշատակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկին որպէս գլխաւոր բանախօս իր մասնակցութեան համար։
Այնուհետեւ, անոնք երկարատեւ կարծիքներու փոխանակում ունեցան Հայաստանի քաղաքական իրականութեան, ինչպէս նաեւ Ուրուկուայի ներքին քաղաքական կեանքի իրավիճակին եւ հիմնական մարտահրաւէրներուն շուրջ։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ վերահաստատելու Ուրուկուայի հասարակութեան որոշ շրջանակներուն եւ հայ համայնքին միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական բարեկամական եւ համերաշխութեան կապերը։
Աւելի առաջ, ընկեր Քէօրօղլեան հանդիպում մը ունեցած էր հայկական ծագումով երիտասարդ օրէնսդիրներ եւ ընդդիմադիր Ազգային Կուսակցութեան անդամներ՝ երեսփոխաններ Փետրօ Ճիսդոնեանի եւ Խոսէ Լուիս Սաթճեանի հետ։
Այս հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան միջազգային մակարդակով հայ համայնքին դիմագրաւած ներկայիս հիմնական մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի իրավիճակը եւ Սփիւռքի հեռանկարները։ Մասնակիցները յատկապէս ընդգծեցին Ուրուկուայի պատմական դերը Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ անոր մշտական յանձնառութիւնը՝ յիշողութեան, ճշմարտութեան եւ արդարութեան նկատմամբ։
Հանդիպում Արժանթինի Հնչակեան Ղեկավարներուն Հետ
Իր տարածաշրջանային օրակարգին ծիրէն ներս, ընկեր Վարդան Քէօրօղլեան կարճատեւ այցելութիւն մը կատարեց նաեւ Պուէնոս Այրէս, ուր աշխատանքային հանդիպում ունեցաւ Արժանթինի Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան ղեկավարներուն հետ։
Հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան Հայաստանի քաղաքական կեանքի ներկայ իրավիճակին, Սփիւռքի հայ համայնքներու իրականութեան եւ շրջանին մէջ Կուսակցութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն շուրջ։ Միաժամանակ վերահաստատուեցաւ Հարաւային Ամերիկայի տարբեր Հնչակեան կառոյցներուն միջեւ համակարգումը եւ կապերը շարունակաբար ամրապնդելու կարեւորութիւնը։



