Թուրքիոյ Կրթութեան նախարարութեան տեսուչները ստուգումներ սկսած են Սթամպուլի հայկական դպրոցներուն մէջ, որոնք յառաջիկային պիտի ընդգրկեն նաեւ յունական ու հրէական կրթօճախները։
Ըստ շրջանառուող տեղեկութիւններուն՝ տեսուչները դպրոցներու տնօրինութեան յայտնած են, որ այլեւս կ’արգիլուի Հայաստանի քաղաքացի հանդիսացող աշակերտներուն ընդունելութիւնը, եւ առաջարկուած է զանոնք տեղափոխել թրքական պետական դպրոցներ, գրած է Ermenihaber-ը։
2012-ին ընդունուած կանոնակարգին համաձայն՝ օտարերկրացի երեխաները հնարաւորութիւն ունէին «հիւր աշակերտի» կարգավիճակով սորվելու ազգային փոքրամասնութիւններու դպրոցներուն մէջ, թէեւ առանց աւարտական վկայական ստանալու իրաւունքի։ Շուրջ 14 տարի գործող այս կիրառոյթի յանկարծակի դադրեցման փորձը լուրջ մտահոգութիւն յառաջացուցած է հայ համայնքին մէջ եւ իրաւապաշտպաններուն մօտ։
«Մարդու իրաւունքներու եւ զոլեալներու հետ համերաշխութեան ասոցիացիան» (MAZLUMDER) այժմ աշխատանքներ կ’իրականացնէ Հայաստանի քաղաքացի հանդիսացող աշակերտներու կրթութեան իրաւունքի խախտումներուն ուղղութեամբ։ «MAZLUMDER»-ը Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող «Ակօս» հայկական շաբաթաթերթին փոխանցած է, որ կը փորձէ հանդիպումներ ունենալ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու, ուսումնական հաստատութիւններու, պատկան մարմիններու եւ որոշումէն տուժած ընտանիքներու հետ:
Յատկանշական կը համարուի այն, որ այս զարգացումները տեղի կ’ունենան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի լոյսին տակ:

