Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Կը Վերափոխէ Սահմանային Կառավարման Համակարգը ԵՄ Չափանիշներով. ՆԳ Նախարար

Հայաստանը Կը Վերափոխէ Սահմանային Կառավարման Համակարգը ԵՄ Չափանիշներով. ՆԳ Նախարար

by MassisPost

Եւրոպական Միութեան հետ վիզաներու ազատականացման երկխօսութեան շրջանակներուն մէջ Հայաստանը կը մեկնարկէ սահմաններու համալիր կառավարման բարեփոխումներ։ Սահմանապահներու կրթական գործընթացը Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութենէն (ԱԱԾ) տեղափոխուած է Ներքին գործերու նախարարութեան (ՆԳՆ) կրթահամալիր՝ նպատակ ունենալով ձեւաւորել միասնական մօտեցում գաղթի ու անվտանգային ամբողջ շղթային մէջ:

Ներքին գործերու նախարար, Եւրոմիութեան հետ վիզաներու ազատականացման հարցով Հայաստանի գլխաւոր բանակցող Արփինէ Սարգսեան սահմաններու համալիր կառավարումը կը համարէ «ամենամարտահրաւէրային, ժամանակատար եւ աշխատատար» ուղղութիւնը, ուր ներգրաւուած են բազմաթիւ գերատեսչութիւններ: Ուստի, անոր խօսքով, առկայ է ջանքերը համախմբելու խիստ անհրաժեշտութիւն։

Եւրոմիութեան հետ վիզաներու ազատականացման աշխոյժ բանակցութիւններ վարող միակ երկիրը այսօր Հայաստանն է: Երեւանի հետ վիզաներու ազատականացման երկխօսութիւնը մեկնարկած է 2024 թուականի Սեպտեմբերին: Եւրոմիութեան երկիրներ առանց վիզա մուտք ունենալու համար Հայաստանը պէտք է իրականացնէ 74 յենանիշէն (benchmark) բաղկացած Վիզաներու ազատականացման գործողութիւններու ծրագիրը:

Ի թիւս այլ կէտերու՝ այդ փաստաթուղթին առանցքային պահանջներէն է սահմաններու համալիր կառավարման ներդրումը:

«Եւրոպացի գործընկերներն էլ պիտի վստահ լինեն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները արդիւնաւէտ են կառավարւում, եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը տեղեակ է, գիտի, թէ ովքեր են մուտք գործում Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ ովքեր են նաեւ ելք անում Հայաստանի Հանրապետութիւնից»,- «Սիվիլնեթ»-ի հետ զրոյցին նշած է նախարարը՝ շեշտելով, որ թէ՛ անձերը, թէ՛ բեռները պէտք է գտնուին արդիւնաւէտ վերահսկողութեան ներքոյ:

Անվտանգային եւ գաղթային մարմիններուն միջեւ միասնական մօտեցում եւ արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւն ապահովելու համար Հայաստանը կ’անցնի միասնական կրթական ձեւի։ Սարգսեանի դիտարկմամբ՝ սահմաններու կառավարումը տեղական խնդիր չէ, այլ ընդհանուր գաղթի շղթայի անքակտելի մաս: Ըստ անոր՝ առաջնահերթ է, որ համակարգի բոլոր օղակները գործեն միեւնոյն տրամաբանութեամբ եւ հաղորդակցուին առանց խոչընդոտներու:

«Այստեղ թէ՛ ոստիկանները պիտի նոյն լեզուով շփուեն, թէ՛ գաղթի եւ քաղաքացիութեան ծառայութեան աշխատակիցները եւ թէ՛ նաեւ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան սահմանապահ զօրքերի ծառայողները: Այստեղ նոյն կրթահամալիրի ներքոյ անընդհատ կրթութիւն ստանալով՝ վստահ եմ, որ նոյն մշակութային լեզուով խօսելու գործընթացը շատ աւելի հարթ կ’ընթանայ»,- ընդգծած է Արփինէ Սարգսեան` հիմնաւորելով, թէ ինչու որոշուած է սահմանապահներու կրթական գործընթացը ԱԱԾ-էն տեղափոխել ՆԳՆ կրթահամալիր:

Բարեփոխումը չի սահմանափակուիր միայն գերատեսչական փոփոխութեամբ։ Նախարարին փոխանցմամբ՝ ներկայիս կ’իրականացուին անհրաժեշտ օրէնսդրական գործընթացները, եւ զուգահեռաբար կրթական մանրամասնութիւններ կը քննարկուին նաեւ եւրոպական «Ֆրոնթեքս» (Frontex) գործակալութեան հետ:

«Նպատակն այն է, որ ոչ թէ լինի ուղղակի հաստատութենական տեղափոխութիւն ԱԱԾ-ից դէպի ՆԳՆ, այլ որակական առումով մենք կարողանանք այն բոլոր մարտահրաւէրները հաշուի առնել կրթական գործընթացում, որոնք այս պահի դրութեամբ թէ՛ աշխարհն է տեսնում եւ թէ՛ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը»,- եզրափակած է Արփինէ Սարգսեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment