Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ Ծնելիութեան Ցուցանիշերը Կը Շարունակեն Նուազիլ. Թորոսեան

Հայաստանի Մէջ Ծնելիութեան Ցուցանիշերը Կը Շարունակեն Նուազիլ. Թորոսեան

by MassisPost

Հայաստանի մէջ ծնելիութեան ցուցանիշերը կը շարունակեն նուազիլ։ 2025 թուականին Հայաստանի մէջ գրանցուած է 32 հազար 42 ծնունդ՝ 2024 թուականի 33 հազար 593-ի եւ 2023 թուականի 36 հազար 590-ի դիմաց։

ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարին կից հասարակական խորհուրդի նիստին այս մասին ահազանգեց նախարար Արսէն Թորոսեանը։

Նախարարին խօսքով՝ կը նուազի նաեւ պտղաբերութեան գործակիցը՝ մէկ վերարտադրողական տարիքի կնոջ հաշուով ծնող երեխաներուն միջին թիւը։

«Ծնելիութեան անկումը շարունակւում է։ Նուազում է նաեւ պտղաբերութեան ցուցանիշը, այսինքն՝ մէկ վերարտադրողական տարիքի կնոջ հաշուով ծնուող երեխաների թիւը։ Կան գործօններ, օրինակ՝ ամուսնութեան տարիքը, որոնք պետութիւնը չի կարող ուղղակիօրէն փոխել, սակայն, եթէ պտղաբերութեան ցուցանիշն աւելի նուազի, դա ցանկացած երկրի համար լուրջ խնդիր կը լինի»,- ըսաւ Թորոսեան։

Թորոսեան ընդգծեց, որ  ստեղծուած իրավիճակը յաղթահարելու համար անհրաժեշտ է փոխել հանրային մտածողութիւնը եւ պետական աջակցութեան ծրագրերուն միջոցով խրախուսել ծնելիութեան աճը։

«Պէտք է մտածողութեան փոփոխութեան եւ պետական ծրագրերի միջոցով փորձենք փոխել այս իրավիճակը»,- նշեց նախարարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment