Հակափտածութեան դատարանը վարոյթ ընդունած է Գլխաւոր դատախազութեան հայցը ընդդէմ «Բեղլու» ընկերութեան, Պետական գոյքի կառավարման կոմիտէի, Գագիկ Ծառուկեանի, «Մուլտի Գրուպ» նախաձեռնութեան, «Սեւան» ազգային պարկ» կազմակերպութեան՝ 1996 թուականի Նոյեմբեր 29-ի N 111-2 պայմանագիրը անվաւեր ճանչնալու մասին:
Կառոյցի տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ որպէս հետեւանք՝ Գլխաւոր դատախազութիւնը կը պահանջէ անվաւեր ճանչնալ՝
1,21 հա մակերեսով հողատարածքի եւ 60 քմ մակերեսով N 7 փայտէ տնակի մասով պայմանագրի հիման վրայ կատարուած իրաւունքի պետական գրանցումը։
2000 թուականի Սեպտեմբեր 8-ին «Բեղլու» ընկերութեան եւ Գագիկ Ծառուկեանի միջեւ կնքուած անշարժ գոյքի առուվաճառքի պայմանագիրը։
Վերոնշեալ պայմանագիրը փոփոխելու մասին 2001 թուականի Յունուար 12-ի համաձայնագիրը։
2025 թուականի Նոյեմբեր 25-ին գրանցամատեանի N 4462 համարի ներքոյ կազմակերպութեան եւ «Մուլտի Գրուպ» նախաձեռնութեան միջեւ կնքուած վարձակալութեան պայմանագիրն ու 2025 թուականի Նոյեմբեր 28-ին կատարուած իրաւունքի պետական գրանցումը:
Հետեւաբար, «Մուլտի Գրուպ» նախաձեռնութեան ապօրինի տիրապետութենէն ՀՀ սեփականութեան վերադարձնել 0,29114 հա մակերեսով հողատարածքը, հողատարածքին վրայ կառուցուած շէնքերը, շինութիւնները, այն է՝ 425,12 քմ մակերեսով բնակելի տուները, 23,04 քմ մակերեսով նաւակայանը, 100,8 քմ մակերեսով պարիսպը:
Հակափտածութեան դատարանը բաւարարած է Դատախազութեան՝ հայցի ապահովման միջոց կիրառելու պահանջը. պատասխանողին արգիլուած է այնպիսի գործողութիւններ կատարելը, որոնք պիտի յանգեցնեն հայցադիմումի մէջ նշուած գոյքերու սեփականատիրոջ փոփոխութեան կամ անոնց փաստացի վիճակի փոփոխութեան:

