Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ «Արարատցեմենտ»-ը Մօտ Ապագային Պիտի Ըլլայ Պետական. Փաշինեան

«Արարատցեմենտ»-ը Մօտ Ապագային Պիտի Ըլլայ Պետական. Փաշինեան

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, որ «Արարատցեմենտ» ընկերութիւնը մօտ ապագային պիտի ըլլայ պետական։

Յուլիս 9-ին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ վարչապետը նշած է, որ ընկերութեան մէջ կառավարիչի նշանակումը պիտի իրականացուի սահմանուած ընթացակարգով։ ««Արարատցեմենտ»-ը շատ շուտով լինելու է պետական, եւ նշանակուելու է ղեկավար՝ սահմանուած ընթացակարգով»,- ըսած է Փաշինեան։

Վարչապետը նաեւ դիմած է ընկերութեան աշխատակիցներուն՝ կոչ ընելով չտրուելու ճնշումներուն։ «Աշխատողներին խնդրում եմ չմտնել նման գործընթացների մէջ։ Նրանք, ովքեր ճնշում կը գործադրեն մարդկանց վրայ՝ փորձելով նրանց մղել որոշակի գործողութիւնների, կ’ազատուեն աշխատանքից»,- յայտնած է Փաշինեան։

«Արարատցեմենտ» ընկերութեան աշխատակիցները վաղ առաւօտէն հաւաք իրականացուցին՝ իրենց բողոքը արտայայտելով իրաւապահ մարմիններու կողմէ գործարանի աշխատանքը ժամանակաւորապէս դադրեցնելու դէմ։

Յիշեցնենք, որ «Արարատցեմենտ»-ը կը պատկանի գործարար, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանին, որ այս պահուն կալանաւորուած է խարդախութեան եւ փողերու լուացման մեղադրանքներով։  Յուլիս 6-ին իրաւապահ մարմինները քրէական վարոյթի շրջանակներուն մէջ խուզարկութիւններ իրականացուցած էին Ծառուկեանի առանձնատան եւ անոր պատկանող շուրջ 70 այլ հասցէներու մէջ։ Քրէական վարոյթի շրջանակներուն մէջ Ծառուկեանին պատկանող շարք մը ձեռնարկութիւններու, այդ շարքին՝ «Արարատցեմենտ»-ի աշխատանքը ժամանակաւորապէս դադրեցուած է, անոնք կապարակնքուած են։

ՀՀ Դատախազութիւնը Մայիս 20-ին հաղորդագրութիւն տարածած էր՝ յայտնելով, որ «Արարատցեմենտ»-ի մասնաւորեցման գործընթացին մէջ յայտնաբերած են շարք մը խախտումներ։ Այնուհետեւ քանի մը այլ հաղորդագրություններով Դատախազութիւնը յայտնած էր «Արարատցեմենտ»-ին պատկանող հողամասերու եւ առողջարանի ձեռքբերման գործընթացներուն մէջ յայտնաբերուած խախտումներու մասին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment