Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՌԴ-ն Կ’ուզէ 50 Միլիոն Տոլարով 100.000 Հայեր Ուղարկել ՀՀ` Փաշինեանի Դէմ Քուէարկելու. Reuters

ՌԴ-ն Կ’ուզէ 50 Միլիոն Տոլարով 100.000 Հայեր Ուղարկել ՀՀ` Փաշինեանի Դէմ Քուէարկելու. Reuters

by MassisPost

ՌԴ իշխանութիւնները ծրագրած են Ռուսաստանի մէջ բնակող 100.000 հայեր տեղափոխել Հայաստան` իրենց նախընտրած թեկնածուի օգտին քուէարկելու համար:

Այս մասին Reuters-ին յայտնած են արեւմտեան հետախուզական ծառայութիւններու հինգ պաշտօնեաներ: Անոր մասին կը վկայեն նաեւ Reuters գործակալութեան աշխատակիցներուն մօտ յայտնուած փաստաթուղթերը։

Աղբիւրներէն մէկը՝ ԱՄՆ բարձրաստիճան պաշտօնեայ, նշած է, որ հետախուզական համայնքէն ներս քննարկման առարկայ է, թէ իրականութեան մէջ ի՞նչ ծաւալի մարդիկ Մոսկուան պիտի կրնայ տեղափոխել։ Սակայն, անոր խօսքով, հետախուզական ծառայութիւնները այդ գաղափարը լրջօրէն կ’ընդունին։

Կը նշուի, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որը հարցախոյզերու արդիւնքով առաջատար է, աւելի մօտեցած է Եւրոպային եւ ՆԱԹՕ-ին՝ դառնալով ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի դաշնակիցը, որ Չորեքշաբթի աջակցութիւն յայտնած է Փաշինեանի վերընտրութեան։ ԱՄՆ պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօն այս շաբաթ մեկնած էր Երեւան՝ ստորագրելու հանքանիւթերու եւ TRIPP-ի վերաբերեալ համաձայնագրեր․ առաջարկուող ճանապարհային միջանցք Հայաստանի միջով, որ կրնայ ա՛լ աւելի քայքայել Ռուսաստանի ազդեցութիւնը տարածաշրջանին մէջ։ Կը նշուի, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին չէ թաքցուցած իր դժգոհութիւնը Փաշինեանի շրջադարձային քայլէն։ Վերջին օրերուն Մոսկուան զգուշացուցած է, որ Հայաստան կրնայ զրկուիլ աժան բնական կազի մատակարարումներէն եւ սահմանափակած է հայկական արտադրանքի, այդ շարքին՝ միրգերու, բանջարեղէնի, ծաղիկներու եւ քոնեակի ներմուծումը։

Հրապարակման համաձայն՝ ռուսական իշխանութիւնները հաշուարկած են, որ 100.000 ընտրողի տեղափոխման արժէքը պիտի կազմէ շուրջ 50 միլիոն տոլար, ըսած են երեք աղբիւրներ։ Մայիսի կէսերուն Քրեմլինը հրապարակած է իւրաքանչիւր տարածաշրջանի կողմէ ուղարկուող հայերու բաժնեմասերը եւ խնդրած է վարչակազմերուն՝ զեկուցել նախապատրաստական աշխատանքներու մասին, յաւելած են պաշտօնական աղբիւրները։ Reuters-ը չէ կրցած պարզել՝ արդեօ՞ք նման ծրագիր ընթացքի մէջ է, թէ՞ այն բաւարար պիտի ըլլայ առաջատարներու միջեւ եղած լայն տարբերութիւնը կրճատելու համար։ Այս ամսուայ սկիզբը կատարուած հարցախոյզը ցոյց տուած է, որ Նիկոլ Փաշինեանի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը պիտի զբաղեցնէ առաջին տեղը՝ շուրջ 30% ձայներով։

Հարցախոյզին համաձայն՝ շուրջ 6% ձայներով «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը երկրորդ տեղի պիտի ըլլայ։ Լրատուամիջոցը կը յիշեցնէ, որ անցեալ տարուայ Օգոստոսին Փաշինեանը ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ կնքած է խաղաղութեան համաձայնութիւն՝ վերջ դնելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վիճելի տարածաշրջանի շուրջ տասնամեակներ շարունակուող հակամարտութեան։ Սա պէտք է բանայ փոխադրութեան ճանապարհը հարաւային Հայաստանի միջով՝ թոյլ տալով ապրանքներու հոսքը արեւելք՝ դէպի Կեդրոնական Ասիա, փոխարէնը Ատրպէյճանին տալով անմիջական մուտք դէպի Նախիջեւանի արտագաւառ եւ Թուրքիա։ Մոսկուան զգուշօրէն ողջունած է համաձայնագիրը։

Եւրոպացի պաշտօնեաներէն մէկը նշած է, որ արշաւներուն ներգրաւուած է Քրեմլինի հետ կապուած «Storm 1516» անունով պոթերու ցանցը, որ դեր խաղցած է ԱՄՆ վերջին ընտրութիւններուն միջամտելու ջանքերուն մէջ։

Աղբիւրներէն երեքը նշած են, որ Քրեմլինը ներգրաւած է ռուսական քաղաքական խորհրդատուական ընկերութիւններն ու վերլուծական կեդրոնները, այդ շարքին՝ SDA գործակալութիւնը, որ պատժամիջոցներու տակ է Եւրոմիութեան եւ Միացեալ Թագաւորութեան կողմէ՝ Ուքրանիոյ աջակցութիւնը խաթարելու նպատակով ապատեղեկատուութիւն տարածելու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment