Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ինչպիսին Են Հայաստանի Ընտրողներուն Տրամադրութիւնները` Ընդհանրապէս

Ինչպիսին Են Հայաստանի Ընտրողներուն Տրամադրութիւնները` Ընդհանրապէս

by MassisPost

Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն կարճ ժամանակ մնացած  տարբեր կազմակերպութիւններ կը հրապարակեն հանրային կարծիքի հարցախոյզերու արդիւնքներ:  Ոչ բոլոր հարցախոյզերը արժանահաւատ են, նկատի առնելով անոնց հրապարակած նախկին թիւերը: Նման կազմակերպութիւններու շարքին է Հայաստանեան «Կալոփ» ընկերութիւնը, որ ոչ մէկ կապ ունի Ամերիկեան նշանաւոր «Կալոփ»-ին հետ: Հայաստանեան «Կալոփ»-ի անցեալի բոլոր կանխատեսումները սխալ դուրս եկած են ու հակառակ ատոր, ընդդիմադիր մամուլն ու քաղաքական շրջանակները կը շարունակեն օգտագործել զայն` հանրային կարծիքը մոլորեցնելու նպատակով:

Հայաստանի մէջ հանրային կարծիքի վերաբերեալ ամենէն հաւաստի ուսումնասիրութիւնները կը պատկանին Ամերիկայի մէջ գործող` Միջազգային Հանրապետական Հիմնարկին (ՄՀՀ) Այդ կազմակերպութիւնը կը հրապարակէ ոչ միայն կուսակցութիւններու ու դաշինքներու վարկանիշը, այլ եւ պարզ թիւերէն անդին երթալով կ’ուսումնասիրէ հասարակութեան կարծիքը երկրի առջեւ ծառացած տարբեր խնդիրներու ու  մարտահրաւէրներու վերաբերեալ, որոնք աւելի հասկնալի կը դարձնեն ժողովուրդի տրամադրութիւնը:

Նախ պէտք է ըսել, որ ի տարբերութիւնը այլ հարցախոյզերու, ՄՀՀ կը հրապարակէ իր մեթոտաբանութիւնը` տուեալներ ներկայացնելով մասնակիցներու թիւի, բնակութեան վայրի, տարիքային խումբերու եւ սեռի մասին: Այս բոլորը կը փաստեն, որ հարցախոյզին մէջ ընդգրկուած են հասարակութեան տարբեր խաւերու պատկանող քաղաքացիներ:

Ակնարկ մը նետելով ՄՀՀ-ի հրապարակած տուեալներուն վրայ կը տեսնուի, թէ իշխող ուժի վարկանիշը սերտօրէն կապուած է տարբեր հարցերու նկատմամբ տիրող տրամադրութիւններուն հետ: Այն հարցումին թէ Հայաստան ճիշդ թէ սխալ ուղղութեան վրայ է, մասնակիցներու  61 տոկոսը պատասխանած է թէ, երկիրը կը շարժի ճիշդ ուղղութեամբ (Փետրուարին այդ ցուցանիշը 47 տոկոս էր), 28 տոկոսի կարծիքով` սխալ ուղղութեամբ, մնացեալ 11 տոկոսը կարծիք չէ ուզած յայտնել: Երբ երկրի բնակչութեան մեծամասնութիւնը նման կարծիքի է, բնականաբար անոնք աւելի շատ հակուած պիտի ըլլան քուէարկելու իշխանութեան վրայ եղող կուսակցութեան:

Ինչ կը վերաբերի երկրի դիմագրաւած խնդիրներուն` 17 տոկոսը յիշած է սահմանի ապահովութիւնը, 15 տոկոսը` տնտեսութիւնը, 12 տոկոսը` խաղաղութեան բացակայութիւնը, 10 տոկոսը` սղաճը եւ բարձր գիները: Մնացեալ հարցերը յիշուած են 10 տոկոսէն նուազ պարագաներուն:

Ինչ կը վերաբերի միջազգային քաղաքականութեան` Հայաստանի բարեկամ երկիրներու շարքին ամենէն շատ յիշուած է Ֆրանսան 39 տոկոս, Ռուսաստանը` 35, Եւրոպական Միութիւնը` 34, Իրանը` 29, Ամերիկան` 27 տոկոսի կողմէ: Հոս նկատելի է, որ ժողովուրդի կարծիքը բազմազան է, սակայն յստակ է, որ եւրոպական ուղղուածութիւնը տիրապետող է: Իսկ ամենէն մեծ վտանգ ներկայացող երկիրներու մէջ բնականաբար յիշուած են առաջինը` Ատրպէյճանը 73 տոկոս եւ երկրորդը` Թուրքիան 58: Երրորդ դիրքի վրայ կու գայ Ռուսաստանը, որ  ժողովուրդի 32 տոկոսի կարծիքով վտանգ կը ներկայացնէ Հայաստանի համար: Ռուսաստանի նկատմամբ տրամադրութիւնները սկսան զգալիօրէն նահանջել 44-օրեայ պատերազմէն ետք ու ապա Արցախի ժողովուրդի բռնի տեղահանման ընթացքին Ռուս խաղաղապահներու անգործութեան պատճառաւ:

Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցով` հարցախոյզին մասնակիցներու 75 տոկոսը դրական արտայայտուած է այդ տեսակէտին, միայն 20 տոկոսը` դէմ: Եթէ նկատի առնենք, որ այսօր քաղաքական դաշտը բաժնուած է երկու ճակատի` Եւրոպական Միութեան  հետ մերձեցման կողմնակիցներու եւ Ռուսաստանի հետ աւելի սերտ յարաբերութիւններու ջատագով եղողներուն միջեւ, ապա յստակ կը դառնայ որ ընդդիմադրութեան  ռուսամէտ հատուածը դժուարութեան առջեւ կը գտնուի ժողովուրդի քուէն ստանալու առումով:

Այս տուեալները ցոյց կու տան, որ հանրային կարծիքի տեսակէտները աւելի մօտ են գործող իշխանութեան վարած ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան: Նման պայմաններու տակ զարմանալի պէտք չէ ըլլայ, որ մեծամասնութիւնը պիտի նախընտրէ« որ  ներկայ կառավարութիւնը շարունակէ վարել երկրի ղեկը, նոյնիսկ եթէ անոնք ունին վերապահութիւններ` ազգային հարցերու շուրջ Փաշինեանի արտայայտած կարգ մը տեսակէտներուն շուրջ:

Վերջապէս, որպէս յաւելեալ նշում, «Փոլիմարքէթ» կանխատեսումներու շուկային վրայ եւս Նիկոլ Փաշինեանը առաջատար է ու անոր յաղթանակը կը գնահատուի 91 տոկոս:

ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment