Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մայիս 28-ին Պիտի Տեսնենք, Թէ Ինչ Ըրած Է Մաքրոնը Հայաստանի Համար. Փաշինեան

Մայիս 28-ին Պիտի Տեսնենք, Թէ Ինչ Ըրած Է Մաքրոնը Հայաստանի Համար. Փաշինեան

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, որ կը նախընտրէ ցոյց տալ, քան պատմել, թէ Ֆրանսայի նախագահը ինչ ըրած է Հայաստանի համար:

Այս մասին ան նշած է կառավարութեան նիստէն յետոյ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ընթացքին «ի՞նչ ըրած է Մաքրոնը Հայաստանի համար» հնչած հարցումին ի պատասխան:

«Մայիսի 28-ին կը տեսնենք, թէ ինչ է արել։ Ինչի՞ պատմեմ, ցոյց կը տանք»,- ըսած է վարչապետը:

Յիշեցնենք՝ Մարտ 26-ին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, որ Մայիս 28-ին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ զօրահանդէս, որ աւելի շատ հաշուետուութիւն պիտի ըլլայ ՀՀ քաղաքացիներուն։

«Պելառուսի նախագահը Ատրպէյճան կատարած այցի ընթացքում յայտարարել է, որ ինքը մասնակցել է 44-օրեայ պատերազմի նախապատրաստութիւններին, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահը մինչեւ հիմա այդ թեմայով դիրքորոշում չի արտայայտել, թող արտայայտի», ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

«Պելառուսի նախագահը յայտարարել է, որ հայերը, բացի ԵԱՏՄ-ից, ոչ մէկի պէտք չեն, ԲՀԿ նախագահը թող արտայայտուի այդ առիթով»,- ըսած է ան։

Ինչ կը վերաբերի Ուքրանիոյ նախագահի Հայաստան այցին, Փաշինեան ըսած է, որ Ուքրանիոյ հարցով Հայաստանը Ռուսաստանին դաշնակից չէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment