Անցեալ շաբաթ, Հայաստան ապրեցաւ պատմական օրեր: Երեւան ժամանած էին Եւրոպական մօտ 50 երկիրներու նախագահներ, վարչապետներ, բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, Եւրոպական կառոյցներու ղեկավարներ ու 400 լրագրողներ ու զանգուածային լրատուամիջոցներու աշխատակիցներ մասնակցելու համար Եւրոպական Քաղաքական Համայնքի 8-րդ գագաթաժողովին, որ առաջին անգամ տեղի կ’ունենար ցամաքամասի ամենէն ծայրամասին` կովկասի մէջ: Այս առթիւ Հայ ժողովուրդի հայրենիքը` քաղաքակրթութեան օրրանը դարձաւ Եւրոպայի բաբախող սիրտը: Ինչպէս Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարեց` նման մաշտաբի հանդիպում կարելի պիտի չըլլար ութը տարի առաջ, ակնարկելով թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն:
Գագաթաժողովին յաջորդեց երկու այլ կարեւոր իրադարձութիւն եւս: Առաջինը` Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի պաշտօնական այցելութիւնն էր, որուն ընթացքին ստորագրուեցաւ Հայաստան-Ֆրանսա Ռազմավարական Գործընկերութեան Մասին Հռչակագիրը եւ երկրորդը` Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գագաթի ժողովը, որ եկաւ վերահաստատելու Եւրոպական մեծ ընտանիքի անսասան յանձնառութիւնը Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները աւելի ամրացնելու եւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան, դիմադրողականութեան ու համապարփակ բարեփոխումներու օրակարգին աջակցութիւնը:
Երեւանեան այս պատմական օրերը եկան բարձրացնելու Հայաստանի վարկը ու ամրապնդելու անոր տեղը քաղաքակիրթ ու ժողովրդավար երկիրներու շարքին: Հայաստան եկաւ աշխարհին ցոյց տալու, թէ կաշկանդուած չէ Ռուսաստանի հետ ունեցած իր յարաբերութիւններով ու պիտի շարունակէ վարել բազմաբեւեռ արտաքին քաղաքականութիւն, որ կը բխի բացառապէս իր երկրի ազգային շահերէն:
Գագաթաժողովը անուղղակի կերպով դարձաւ նաեւ այն երաշխիքը, որ խաղաղութեան գործընթացը անշրջելի է ու Պաքուն չի կրնար հաշուի չառնել հաւաքական Եւրոպայի վճռակամութիւնը: Ինչպէս որ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան տեղակայումը առաջին քայլն էր զսպելու համար Ատրպէյճանի ռազմատենչ ախորժակները, նոյնպէս ալ Հայաստանի եւ Եւրոպայի միջեւ ստորագրուած ռազմավարական հռչակագիրը յառաջացած քայլ մըն է այդ ուղղութեամբ:
Այս գագաթաժողովը քաղաքական վերնախաւին համար չէր միայն: Հիւրերը առիթը ունեցան շփուելու նաեւ Հայ հասարակութեան հետ, որոնք ուրախութեամբ կը հետեւէին երեկոյեան ուշ ժամերուն Երեւանի պողոտաներով զբօսնող Եւրոպացի ղեկավարներուն`արժանացնելով զանոնք ջերմ ընդունելութեան:
Միւս կողմէ սակայն, ընդդիմութիւնը սուգի մէջ էր: Անոնց Համար Գագաթաժողովի Հայաստանի մէջ կայացումն իսկ անընդունելի քայլ էր, քանի որ անհանգիստ կ’ըներ Մոսկուային:
Անոնք կը շարունակեն առաջ տանիլ այն սպառած միտքը, որ Հայաստանի ճակատագիրը պէտք է շարունակէ կապուած մնայ Փութինեան Ռուսաստանի հետ, հակառակ, ոչ շատ հեռու անցեալին մեր ժողովուրդի ապրած յուսախաբութիւններուն, յատկապէս 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին եւ ապա Արցախի հայաթափման մէջ այդ երկրի ունեցած տխուր դերակատարութեան:
Օգտուելով իրենց վայելած ազատութիւններէն, ընդդիմադիրները բողոքի ցոյցեր կը կազմակերպէին ու պահանջներ կը ներկայացնէին գերիներու ազատ արձակման ու այլ պահանջներով, հակառակ որ Եւրոպական Խորհրդարանը մի քանի օր առաջ խիստ քննադատութեան ենթարկած էր Ատրպէյճանին, վերահաստատած իր աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներուն` ներառեալ անոնց ինքնութեան, սեփականութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ անոնց անվտանգ, անխոչընդոտ եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքին, միաժամանակ պահանջելով հայ գերիներու անյապաղ ազատ արձակում: Այս որոշումը վերահաստատուեցաւ նաեւ Գագաթաժողովի ընթացքին:
Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար, որ ընդդիմադրութիւնը շնորհակալութիւն յայտնէր եւրոպացիներուն իրենց խիզախ կեցուածքին համար: Իսկ շատերու կարծիքով այդ բողոքները նախ պէտք էր ուղղուած ըլլային Ռուսաստանին, որ ոչ մէկ հայանպաստ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է վերջին տարիներուն:
Հայաստան-Եւրոպա կապերը կը շարունակեն զարգանալ հաստատ քայլերով, ու Հայ հասարակութիւնը կոչուած է Յունիս 7-ին վերահաստատելու իր յանձնառութիւնը` պաշտպանելու թաւշեայ յեղափոխութեան դաւանած սկզբունքներուն, կերտելու համար անկախ, ինքնիշխան, ժողովրդավար ու աւելի բարգաւաճ երկիր` այս ու յաջորդ սերունդներուն համար:
ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

