Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Կազմակերպութեամբ` Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան Նորայր Տատուրեանի «Վերջին Գիշերը» Խորագրով Դասախօսութիւնը

Կազմակերպութեամբ` Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան Նորայր Տատուրեանի «Վերջին Գիշերը» Խորագրով Դասախօսութիւնը

by MassisPost

«Հայ Մշակոյթի Ամսուան» ծիրէն ներս տեղի ունեցած բազմաթիւ ձեռնարկներուն կողքին, «Նոր Սերունդ » Մշակութային միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 10-ին երեկոյեան ժամը 7-ին տեղի ունեցաւ ուշագրաւ դասախօսական երեկոյ մը ՀԿԲՄ ներքնասրահէններս` «Վերջին Գիշերը» խորագրով:

Երեկոն ընթացաւ հաւատարմօրէն յատկանշական մտաւորական մթնոլորտի մէջ: Հանդէս եկաւ Պրն. Նորայր Տատուրեան, որ բանախօսեց պատմական, գրական եւ հասարակական դրսեւորումներուն շուրջ` ունկնդիրներուն ներկայացնելով Պոլսոյ հայ մտաւորականներունեւ լուսաւորիչներուն որոնց ձայնը լռեց նախքան ողջ ժողովուրդի մը ճակատագրի խաւարումը:

Հանդիսավարուհի Անի Մարսէլեան, ողջունելէ ետք ներկաները, իր բացման խօսքինմէջ ըսաւ, «Հաւաքուած ենք այսօր ոչ միայն յիշելու, այլ վերապրելու, զգալու եւվերարժեւորելու պատառ մը մեր պատմութենէն, որ կարծես, թէ անցեալին կը պատկանի, բայց խորքին մէջ կը հնչէ բոլոր հայու յուշերուն մէջ մինչեւ այսօրս:

«Վերջին Գիշերըՙ վերնագրով այս դասախօսութիւնը, պատմութեան էջերը բացող սոյն հանդիպումը, յարգանքի ու խոնարհումի արժանի մեր հայ 7-ը մտաւորականներուն յիշատակին նուիրուած է, որոնք, իրենց ձայնով, գրութիւններով եւ բանաստեղծութիւններով գծեցին մեր հայ ժողովուրդին հոգեկան քարտէսը: (Գ. Զոհրապ, Ռ. Զարդարեան, Ռ. Սեւակ, Դ. Վարուժան, Ե. Սրմաքէշխանլեան, Ա. Եարճանեան, (Սիամանթօ), Ա. Տօրեան, Կոմիտաս վարդապետ):

Հանդիսավարուհին խօսքը աւարտեց ըսելով. «Այս երեկոյ մենք պիտի ծանօթանանքանոնց վերջին քայլերուն, երազներուն ու տառապանքի պատկերազարդ յիշողութիւններուն, որոնք կեանք տուած է գրչի վարպետ լեզուի պահապան, բառերու խորհրդաւոր աշխարհի մշտական ճամբորդ Նորայր Տատուրեանը»:

Դասախօսութեան հանդիսաւոր սկիզբը ունեցաւ Ուիլիամ Սարոյանի «Հայը եւ Հայը» ասմունքով, զոր կատարեց հաղորդավարուհի եւ մանկավարժ Սեւան Քէլէշեանը: Ան ակնյայտօրէն նպաստեց նախապատրաստելու ներկաները այն բովանդակային խորքին, որ պիտի բացուէր յաջորդած դասախօսութեան ընթացքին:

Անի Մարսէլեան հակիրճ, բովանդակալից եւ պատուաբեր կենսագրական մը ներկայացնելէ ետք բեմ հրաւիրեց Պլէր դպրոցի հայկական ճեմարանի վարիչ դասատու, Փեթակ շաբաթօրեայ դպրոցի տնօրէն, «Բառերու Խորհրդաւոր Աշխարհը» յօդուածաշարքի հեղինակ, Պոլսոյ «ԱՉԸՔ » ռատիօկայանի մէջ հայ միջնադարեան աշուղները ներկայացնող խօսնակ, բանախօս Նորայր Տատուրեանը, որ իր հիասքանչ ու հասկնալի ոճով եւ մանրամասնութեամբ պաստառի վրայ սահիկներու ընկերակցութեամբ ցուցադրեց եօթը մտաւորականներու ապրած շրջանները, բնակավայրերը, ընտանեկան նկարները,համայնքային եւ գրական գործունէութիւնները, ինչպէս նաեւ` մօտեցող աղէտի ստուերին տակապրած վերջին գիշերներու ծանր յուշերը: Յատկապէս ազդեցիկ էր այն մօտեցումը, որ ներկայացուած էին ոչ միայն թուականներ ու փաստեր, այլ նաեւ մարդկային նկարագրեր` կեանքեր, որոնք ընդհատուեցան, սակայն չմոռցուեցան: Ան չբաւարարուեցաւ միայն պատմել անցեալը, այլ կ’ուզէր հասկցնել, թէ ինչ կը կորսուի, երբ մտաւոր ուժը կը լռեցուի եւ ինչ պատասխանատուութիւն ունինք յիշելու ո’չ միայն սգալով , այլ նաեւ գոհունակութեամբ եւ յարգանքով:

Տատուրեան առաջնորդեց ներկաները այդ վերջին գիշերուան մութին մէջ, լուսաւորելովհայ ժողովուրդի յիշողութեան ճամբան:

Նոր Սերունդի Ատենապետ ընկ. Յարութ Տէրվիշօղլեան Շնորհակալութիւն յայտնէլէ Պրն. Նորայրին պարգեւատրեց զայն Նոր Սերունդի պատուոյ անդամի մետալով:

Աւարտին, շնորհակալական խօսքեր ուղղուեցան ոչ միայն դասախօսին իր բովանդակալիցու ոգեշնչող ելոյթին համար, այլ նաեւ կազմակերպիչ վարչութեան, որու հետեւողական եւ նուիրեալ աշխատանքը երաշխաւորեց օրուան բարձր որակը: Տիրող մթնոլորտը լեցուն էր խորհրդածութեան, ոգեւորութեան եւ մշակութային ինքնագիտակցութեան վերաիմաստաւորման զգացումով:

Այս տեսակի ձեռնարկներ անվիճելի օրէն կը նպաստեն կրթութեան եւ մշակոյթի փոխհարստացման ու շարունակութեան:

ԱՆԻ ՄԱՐՍԷԼԵԱՆ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment