Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արքեպիսկոպոսը Քայլերթ Սկսած Է. Վանեցեանը, Աշոտեանը, Միհրան Պօղոսեանը Ողջունած Ու Միացած Են Անոր Գլխաւորած Շարժումին

Արքեպիսկոպոսը Քայլերթ Սկսած Է. Վանեցեանը, Աշոտեանը, Միհրան Պօղոսեանը Ողջունած Ու Միացած Են Անոր Գլխաւորած Շարժումին

by MassisPost

Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանը յայտարարած է, որ Տաւուշի համար պայքարը կը տեղափոխուի Երեւան, եւ ոտքով քալելով պիտի գան մայրաքաղաք:

Ան եւ խումբ մը քաղաքացիներ արդէն սկսած են իրենց քայլերթը:

Արքեպիսկոպոսի սոյն նախաձեռնութիւնը ոգեւորութիւն յառաջացուցած է Հայաստանի խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ընդդիմադիր ուժերու ներկայացուցիչներու եւ անոնց համախոհներու շրջանակին մէջ, զայն ողջունած են նաեւ որոշ հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ, որոնց առաջադրուած են մեղադրանքներ, եւ անոնք կը գտնուին հետախուզման մէջ:

Մասնաւորապէս նախաձեռնութեան միանալու եւ աջակցելու մասին յայտարարած են Ազգային Ժողովի «հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւններու բազմաթիւ պատգամաւորներ, «Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեանը, ԴԱՀԿ նախկին պետ, «Հայոց Համազգային Միասնութիւն» կուսակցութեան ղեկավար, հետախուզման մէջ գտնուող Միհրան Պօղոսեանը (Քեթրինի Միհրան), ՀՀԿ փոխնախագահ, պաշտօնական դիրքի չարաշահման եւ փողերու լուացման յօդուածներով կալանաւորուած Արմէն Աշոտեանը, ՀՀԿ ԳՄ անդամ Էտուարտ Շարմազանովը, «Հայաքուէ» նախաձեռնութիւնը, «Այլընտրանքային Նախագծեր» խումբը (ղեկավար Վահէ Յովհաննիսեան), ՍԴ նախկին դատաւոր Էտկար Ղազարեանը, Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանը եւ այլ ընդդիմադիր հայեացքներ ունեցող գործիչներ ու խմբեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment