Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԱՄՆ Գոնկրէսականին Մեղադրանք Առաջադրուած է Ատրպէյճանէն Կաշառք Ստանալու Համար

ԱՄՆ Գոնկրէսականին Մեղադրանք Առաջադրուած է Ատրպէյճանէն Կաշառք Ստանալու Համար

by MassisPost

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Տան դեմոկրատ գոնկրէսական Հենրի Քուելարին եւ անոր կնոջ մեղադրանք առաջադրուած է Ատրպէյճանէն մօտ 600 հազար տոլար կաշառք ստանալու համար: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ինթերֆաքս»-ը՝ վկայակոչելով  Թեքսասի Դաշնային դատարանի մեղադրական եզրակացութիւնը։

Քուելարը կը մեղադրեն ատրպէյճանական նաւթային ընկերութենէն եւ մեքսիկական դրամատունէն վճարումներ ստանալու մէջ: Այնուհետեւ, ըստ ԱՄՆ Արդարադատութեան նախարարութեան, գոնկրէսականը այդ միջոցները լուացած է իր կնոջ՝ Իմելտէ Քուելարին պատկանող կեղծ ընկերութիւններու մէջ խորհրդատուական ծառայութիւններու պայմանագրերու միջոցով:

Արդարադատութեան նախարարութեան վարկածով՝ կաշառքի համար գոնկրէսականը իր ազդեցութիւնը օգտագործած է ԱՄՆ Գոնկրէսին մէջ բարձրաստիճան անձերու վրայ՝ ի շահ օտարերկրեայ ընկերութեան եւ դրամատան:

Գոնկրէսականին եւ անոր կնոջ մեղադրանք առաջադրուած է մասնաւորապէս կաշառք ստանալու դիմաց դաւադրութեան, օտարերկրեայ գործակալի դերին մէջ պետական պաշտօնեաներու արգելքը խախտելու, փողերու լուացման յօդուածներով։ Մեղաւոր ճանչցուելու պաարգային քաղաքական գործչին ու կնոջ կը սպառնայ տասնեակ տարիներու բանտարկութիւն:

Ամերիկեան լրատուամիջոցներուն համաձայն՝ զոյգը նախօրէին առաջին անգամ ներկայացած է դատարան, որոշում կայացուած է 100 հազար տոլար գրաւի դիմաց ազատ արձակել զանոնք։ Գոնկրէսականը հրապարակած յայտարարութեամբ պնդած է՝ անմեղ է թ՛է ինքը, թ՛է իր կինը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment