Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Հանքերու Արքայ» Վարդան Այվազեանը, Անոր Կինը, Դուստրը, Որդին Ու Փոխկապակցուած Այլ Անձեր Հրաւիրուած Են Դատախազութիւն

«Հանքերու Արքայ» Վարդան Այվազեանը, Անոր Կինը, Դուստրը, Որդին Ու Փոխկապակցուած Այլ Անձեր Հրաւիրուած Են Դատախազութիւն

by MassisPost

Բնապահպանութեան նախկին նախարար, Ազգային Ժողովի նախկին ՀՀԿ-ական պատգամաւոր Վարդան Այվազեանը, անոր կինը՝ Մարիամ Գինոսեանը, դուստրը՝ Արմինէ Այվազեանը, ինչպէս նաեւ փոխկապակցուած շարք մը անձեր՝  Գագիկ եւ Սուրէն Այվազյեանները, Յարութիւն Մուրատեանը Ապրիլ 19-ին հրաւիրուած են ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւն։ civic.am-ը հրապարակային ծանուցումներու պաշտօնական համացանցային կայքէն տեղեկացաւ, որ  յիշեալ անձերուն պատկանող գոյքերու նկատմամբ կատարուած է ուսումնասիրութիւն, կազմուած են ամփոփագրեր։

Ըստ մամուլի  հրապարակումներու` Վարդան Այվազեանը ունի բազմաթիւ հանքեր, որոնք սակայն ձեւակեպուած են անոր ազգականներուն կամ ընկերներուն անուններով: Նախարարը առանձնայատուկ սէր ունի յատկապէս ոսկիի, պղնիձի, մոլիպտենի եւ երկաթի հանքավայրերու նկատմամբ: Գայթակղալից պատմութիւններու կիզակէտին մշտապէս յայտնուած նախկին պաշտօնեային հետ կապուած  մամուլին մէջ սկսաւ  պատմութիւն շրջանառուիլ 2005-ին: Կը նշուէր, որ այն ժամանակ տակաւին բնապահպանութեան նախարարի պաշտօնը զբաղեցնող Վարդան Այվազեանի եւ ոսկի արդիւնահանող «Գլոբալ Գոլդ Մայնինգ» ընկերութեան յարաբերութիւնները խիստ լարուած եղած են: Արդէն 2006-ին յայտնի դարձաւ, որ Վարդան Այվազեանը «Գլոբալ Գոլդից» 3 միլիոն տոլար կաշառք պահանջած է: Այվազեանը, իր պաշտօնական դիրքը օգտագործելով, ընկերութիւնը զրկած էր Հանքաւանի մէջ գտնուող ոսկիի հանքի շահագործման արտօնագրէն, որ պէտք է ուժի մէջ ըլլար մինչեւ 2017 թուական: 2006-ի Յունուար 19-ին «Գլոբալ Գոլդի» շահերը ներկայացնող ամերիկեան իրաւաբանական գրասենեակ մը  նամակ-առաջարկով դիմած էր Ռոպերթ Քոչարեանին, այն ժամանակուայ արտաքին գործերու նախարար Վարդան Օսկանեանին, առեւտուրի եւ զարգացման նախարար Կարէն Ճշմարիտեանին, արդարադատութեան նախարար Դաւիթ Յարութիւնեանին եւ նոյն ինքն Վարդան Այվազեանին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment