Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւններու Բոլոր Բարդ Պահերը Լուծում Կը Գտնեն Փաշինեան-Փութին Երկխօսութեան Ժամանակ. Փեսքով

Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւններու Բոլոր Բարդ Պահերը Լուծում Կը Գտնեն Փաշինեան-Փութին Երկխօսութեան Ժամանակ. Փեսքով

by MassisPost

Քրեմլինը յոյս ունի, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն մէջ վերջին ժամանակներս ի յայտ եկած բոլոր բարդ հարցերը լուծում կը գտնեն ամենաբարձր մակարդակով երկխօսութեան ընթացքին։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։

«Յոյսով ենք, որ ամենաբարձր մակարդակով առաջնորդները հնարաւորութիւն կ’ունենան քննարկելու այս ամէնը: Բացի անկէ, ի հարկէ, երկխօսութիւններ կ’ընթանան աշխատանքային մակարդակով, ինչ որ նոյնպէս շատ կարեւոր է: Եւ, ի հարկէ, մենք կը մեկնինք այն բանէն, որ մեր երկկողմ յարաբերութիւններու բոլոր բարդ պահերը, որոնք ի յայտ եկած են վերջին ժամանակներս, պիտի ըլլան այդպիսի երկխօսութեան շրջանակներուն մէջ եւ պիտի գտնեն իրենց լուծումը»,- լրագրողներուն ըսած է ան։

Փեսքով յայտնած է, որ կարելի չէ գերագնահատել երկկողմ յարաբերութիւններուն նշանակութիւնը։ «Գիտէք, որ Հայաստանը մեր մտերիմ գործընկերն է, մեր դաշնակիցն է: Երկիր, որուն հետ մեզ կը միաւորոեն բազմաթիւ համարկման ձեւաչափեր եւ, ի հարկէ, պատմական երկկողմ յարաբերութիւնները, մարդասիրական յարաբերութիւնները, որոնց կարեւորութիւնը, ի հարկէ, դժուար է գերագնահատել։ Բնականաբար, նման սերտ երկխօսութեան ժամանակ կրնան որոշ խնդիրներ յառաջանալ»,- ըսած է ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment