Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տեղի Ունեցած Է Նիկոլ Փաշինեանի Եւ Օլաֆ Շոլցի Հեռախօսազրոյցը

Տեղի Ունեցած Է Նիկոլ Փաշինեանի Եւ Օլաֆ Շոլցի Հեռախօսազրոյցը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ:

Քննարկուած են Հայաստան-Գերմանիա համագործակցութեան, ՀՀ-ԵՄ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին: Վարչապետ Փաշինեան նշած է, որ Հայաստանը պատրաստ է երթալու լուծումներու 2022 թուականի Հոկտեմբեր 6-ին Փրակի մէջ, 2023 թուականի Մայիս 14-ին եւ Յուլիս 15-ին Պրիւքսէլի մէջ, ինչպէս նաեւ 2023 թուականի Հոկտեմբեր 5-ին Կրանատայի մէջ համաձայնեցուած սկզբունքներու հիման վրայ: Նիկոլ Փաշինեան անընդունելի համարած է այդ սկզբունքները աղաւաղելու որեւէ փորձ:

Վարչապետ Փաշինեան վարչապետ Շոլցին շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներուն, Հայաստան-Գերմանիա, Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու զարգացման աջակցելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment