Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄՆ Ուրախ Է Որեւէ Հնարաւոր Դեր Խաղալու Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Երկխօսութեան Նպաստելու Համար. Միլլըր

ԱՄՆ Ուրախ Է Որեւէ Հնարաւոր Դեր Խաղալու Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Երկխօսութեան Նպաստելու Համար. Միլլըր

by MassisPost

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան կարգաւորման ճանապարհը բանակցութիւններու սեղանին շուրջ է: Այդ մասին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան ներկաացուցիչ Մեթիու Միլլըր՝ պատասխանելով պրիւքսէլեան հանդիպումէն յետոյ հայ-ատրպէյճանական սահմանին լարուածութեան մասին հարցումին:

«Ես չեմ ուզեր խօսիլ յառաջիկայ հանդիպումներու մասին, բայց մենք միշտ յստակ նշած ենք, որ կ’ողջունենք երկխօսութիւնը։ Ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ շփումներուն մէջ պետական քարտուղարը յստակ կը նշէ, որ երկու կողմերուն միջեւ անհրաժեշտ է երկխօսութիւն:

«Մենք ուրախ ենք որեւէ հնարաւոր դեր խաղալու այդ երկխօսութեան նպաստելու համար եւ պիտի շարունակենք այդ ընել, բայց ես չեմ ուզեր նախապէս յայտարարել յառաջիկայ որեւէ յստակ հանդիպման մասին», նշած է Միլլըր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment