Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռատարներ, Որ Բոլորը Յուսահատօրէն Կը Փափաքին Ձեռք Բերել, Ֆրանսան Կը Տրամադրէ Հայաստանին. Դեսպան

Ռատարներ, Որ Բոլորը Յուսահատօրէն Կը Փափաքին Ձեռք Բերել, Ֆրանսան Կը Տրամադրէ Հայաստանին. Դեսպան

by MassisPost

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին X-ի իր էջով կիսուած է «Politico» պարբերականին յօդուածով Thales ընկերութեան ֆրանսական ռատարներու, այդ շարքին՝ Ground Master-200-ի մասին, որուն երեք օրինակ վաճառուած է Հայաստանին:
Գրառման կից դեսպանը Thales ընկերութեան կողմէ ֆրանսական ռատարներու արտադրութեան մասին «Politico» պարբերականին յօդուածը հրապարակած է, ուր կը նշուի, որ ընկերութիւնը 2008 թուականէն ի վեր «200 GM» ռատար վաճառած է աշխարհի 32 երկիրներու, 40-ը միայն 2023 թուականին: Կը նշուի նաեւ, որ անցած ամիսներուն Փարիզը երեք «GM200» համակարգ վաճառած է Հայաստանին, մէկ համակարգ ալ Մոլտովային։ Մոլտովան կը պատրաստուի ստանալու եւս մէկը՝ ԵՄ-ի Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամին ֆինանսաւորմամբ։

Հայաստանն ու Ֆրանսան աշնան ռազմական ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին պայմանագրեր ստորագրեցին: Արդէն Փետրուարին Ֆրանսայի զինուած ուժերու նախարարը յայտարարեց, որ Հայաստանը ստացած է պաշտպանական նշանակութեան սարքաւորումներու առաջին խմբաքանակը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment