Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ Կառավարութիւնը Մարդասիրական Օգնութիւն Կ’առաքէ Կազայի Հատուածի Բնակիչներուն

ՀՀ Կառավարութիւնը Մարդասիրական Օգնութիւն Կ’առաքէ Կազայի Հատուածի Բնակիչներուն

by MassisPost

ՀՀ կառավարութեան նիստով քննարկուած է Կազայի հատուածէն Ռաֆահի անցակէտին վրայ գտնուող շուրջ 1,5 միլիոն մարդոց մարդասիրական օգնութիւն յատկացնելու հարցը:

«Այդ նպատակով պահուստային ֆոնտից ՆԳՆ-ին յատկացուելու է շուրջ 19 միլիոն դրամ՝ մթերք եւ դեղեր ձեռք բերելու համար: Քանի որ մարդասիրական օգնութեան տեղափոխումն ապահովում է ՊՆ-ն, առաջարկւում է նաեւ ՊՆ-ին յատկացնել համապատասխան միջոցներ», յայտնեց ներքին գործերու փոխնախարար Արփինէ Սարգսեանը:

Ինչպէս նշեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, մարդասիրական բեռի առաքման մասին ինք յայտարարած է Եգիպտոս կատարած պաշտօնական այցի ընթացքին: «Կազայի բնակչութեանը մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու հարցում նաեւ Եգիպտոսի աջակցութեանը կարիքն ունենք, եւ այցի ընթացքում մենք այդ պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերեցինք», ըսաւ վարչապետը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment