Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԱԿ-ը Յոյսով Է, Որ Ատրպէյճանը Եւ Հայաստանը Խաղաղութեան Պայմանագիր Պիտի Կնքեն

ՄԱԿ-ը Յոյսով Է, Որ Ատրպէյճանը Եւ Հայաստանը Խաղաղութեան Պայմանագիր Պիտի Կնքեն

by MassisPost

ՄԱԿ-ը յոյսով է, որ Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը խաղաղութեան պայմանագիր պիտի կնքեն: Այդ մասին Պաքուի մէջ՝ 11-րդ Համաշխարհային համաժողովին յայտարարած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի 78-րդ նստաշրջանի նախագահ Տենիս Ֆրենսիսը։

«ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովը բարձր կը գնահատէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումներու վերսկսումը եւ միւնիխեան հանդիպումը, որուն յաջորդած է երկու երկիրներու արտաքին գործերու նախարարներուն հանդիպումը: Մենք կը հաւատանք եւ կը սպասենք, որ յաւելեալ քայլեր կը կատարուին խաղաղութեան եւ անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ յառաջընթացի հասնելու եւ վերականգնելու ուղղութեամբ», ըսած է Ֆրենսիս իր ուղերձին մէջ:

Անոր խօսքով՝ ՄԱԿ-ը յոյսով է, որ երկու երկիրներուն միջեւ պիտի ստորագրուի «միջազգային իրաւունքի կանոններուն եւ սկզբունքներուն համապատասխանող խաղաղութեան համաձայնագիր»:

Պաքուի 11-րդ Համաշխարհային համաժողովի բացման ժամանակ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ Պաքուն առաւել քան երբեւէ մօտ է Երեւանի հետ խաղաղութեան հաստատման:

Ալիեւ ընդգծեց, որ Ատրպէյճանը պատրաստ է շարունակելու խաղաղ բանակցութիւնները Հայաստանի հետ՝ շեշտելով որ ժամանակն է վերջ դնելու տարածաշրջանին մէջ անկայունութեան։

Բրիտանիոյ վարչապետ Ռիշի Սունաքն ալ իր հերթին ընդգծեց․ «Ատրպէյճանը այժմ պատմական հնարաւորութիւն ունի վերջ դնելու Հայաստանի հետ երկարամեայ հակամարտութեան։ Կարեւոր զարգացում պիտի ըլլայ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հասնիլ մինչեւ COP29-ը։ Մենք կը հաւատանք անոր»:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ կառավարութեան նիստին ժամանակ վերահաստատեց՝ Երեւանի համար կը շարունակէ առաջնային մնալ խաղաղութեան օրակարգը եւ երեք սկզբունքներու հիման վրայ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու եւ սահմաններու սահմանազատում ու սահմանագծում իրականացնելու քաղաքականութիւնը։

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment