Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յունաստանը Կտրականապէս Կը Մերժէ Հարաւային Կովկասի Մէջ Որեւէ Միակողմանի Ռազմական Գործողութիւն․ Նիքոս Տենտիաս

Յունաստանը Կտրականապէս Կը Մերժէ Հարաւային Կովկասի Մէջ Որեւէ Միակողմանի Ռազմական Գործողութիւն․ Նիքոս Տենտիաս

by MassisPost

Յունաստանը հաստատակամօրէն կը հաւատայ, որ Հարաւային Կովկասի մէջ անհամաձայնութիւնները կրնան կարգաւորուիլ խաղաղ միջոցներով։

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ համատեղ ասուլիսի ընթացքին այս մասին յայտարարեց Հայաստան գտնուող Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Տենտիասը։

«Յունաստանը հաստատակամօրէն կը հաւատայ, որ անհամաձայնութիւնները կրնան կարգաւորուիլ խաղաղ միջոցներով։ Մենք կտրականապէս դէմ ենք այս տարածաշրջանին մէջ որեւէ միակողմանի ռազմական գործողութիւններու։ Մենք նաեւ կ’աջակցինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջազգային իրաւունքի շրջանակներուն մէջ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման», ընդգծեց Տենտիասը։

«Այսօր մենք ականատես ենք շատ անկայուն իրավիճակի, քանի որ գործ ունինք ծաւալապաշտական ուժերու հետ, որոնք կ’անտեսեն միջազգային իրաւունքը, միջազգային պայմանագրերը, արժէքները, ՄԱԿ-ի սկզբունքները: Միջազգային հանրութեան ընդհանուր խնդիրը պէտք է ըլլայ այդ մարտահրաւէրներուն դիմակայելը։ Մենք պէտք է ցոյց տանք, որ պատրաստ ենք կանխելու հակամարտութիւններու սրումը եւ փորձելու վերադառնալ խաղաղ իրավիճակին։ Միշտ պէտք է գործել միջազգային իրաւունքին համապատասխան», ընդգծեց Տենտիասը։

Ըստ անոր՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման գործնական քայլերը։

«Այս տարի մենք ստորագրած են ռազմական համագործակցութեան ծրագիրը, որուն պիտի մասնակցին երկու երկիրներու զինուած ուժերը։ Նախապէս եւս կարեւոր արդիւնքներ ունեցած ենք՝ Յունաստանի ռազմական դպրոցներուն մէջ ուսանելու համար Հայաստանէն բազմաթիւ առաջարկներ եղած են։ Եւ մենք կը նախատեսենք հիւրընկալել շատ ուրիշներ եկող տարիներու ընթացքին», ըսաւ նախարարը։

Միեւնոյն ժամանակ, Տենտիաս կարեւորեց, որ երկու երկիրները կրնան յաջող համագործակցութիւն հաստատել պաշտպանութեան ոլորտին մէջ նորարարական լուծումներ փնտռելու հարցով։

«Ուրախ էի ձեզ տեղեկացնելու Յունաստանի նոր օրէնսդրութեան մասին, որ կը վերաբերի հետազօտութիւններու եւ նորարարութիւններու նոր կեդրոնին։ Մենք ուրախ պիտի ըլլանք, եթէ Հայաստանի ընկերութիւնները իրենց ներդրումը ունենան այդ համակարգին մէջ», եզրափակեց Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment