Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ժամանակն Է, Որ Հայաստանը Կողմնորոշուի ՀԱՊԿ-ի Մէջ Իր Կարգավիճակին Շուրջ». Լաւրով

«Ժամանակն Է, Որ Հայաստանը Կողմնորոշուի ՀԱՊԿ-ի Մէջ Իր Կարգավիճակին Շուրջ». Լաւրով

by MassisPost

Ռուսաստանը կը հետեւի Հայաստանի ղեկավարութեան յայտարարութիւններուն եւ հետեւութիւններ պիտի ընէ սեփական գործնական քայլերը ծրագրաւորելու ատեն, Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովին յաջորդած մամուլի ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով։

Լաւրովի խօսքով՝ Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած եռակողմ համաձայնութեան այլընտրանք չկայ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ։

«Հայաստանի համար ղարաբաղեան հակամարտութեան անյաջող արդիւնքներուն հետեւանքով վերջին ամիսներուն Երեւանէն կշտամբանքներ կը հնչեն Մոսկուայի հասցէին», յայտարարած է Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը, շարունակելով․ «Հայաստանի ղեկավարութեան շուրթերէն ամէն օր հնչող յայտարարութիւնները կը ստիպեն մեզ մտածելու, թէ ինչ կը կատարուի իրականութեան մէջ <…> եւ ինչպէս այդ հաշուի առնել մեր գործնական քայլերուն մէջ»։

Անդրադառնալով ՀԱՊԿ-ին՝ Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարարը շեշտած է՝ ժամանակն է, որ Հայաստանը կողմնորոշուի ՀԱՊԿ-ի մէջ իր կարգավիճակին շուրջ։

«Մենք իսկապէս շատ կ’ուզենք, որ մեր հայ գործընկերները կողմնորոշուին, թէ ինչպէս կ’ուզեն իրագործել փոխադարձ հիմունքներով իրականացուած համաձայնագրերը, որոնք մեզ կը կապեն տարբեր համարկման կառոյցներու, այդ շարքին՝ ՀԱՊԿ-ի մէջ», նշած է Լաւրով։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment