Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «ՄԹՍ-Արմենիա»-ն Իր Բաժնետոմսերուն 20 Տոկոսը Նուիրաբերեց ՀՀ Կառավարութեան

«ՄԹՍ-Արմենիա»-ն Իր Բաժնետոմսերուն 20 Տոկոսը Նուիրաբերեց ՀՀ Կառավարութեան

by MassisPost

«ՄԹՍ-Արմենիա» ընկերութիւնը որոշած է իր 100 տոկոս բաժնետոմսերու 20 տոկոսին համարժէք՝ 110 հազար հատ ընդհանուր թիւով բաժնետոմսերը նուիրաբերել Հայաստանի կառավարութեան։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան նիստին ժամանակ շնորհակալութիւն յայտնեց ընկերութեան։

«Ուզում եմ ընդգծեմ, որ սա ընկերութիւններում ժողովրդի ներկայութեան միակ ձեւաչափը չէ։ Կարծում եմ, որ ընդհանրապէս, մենք պէտք է ընկերութիւներին խրախուսենք, որպէսզի քաղաքացիների եւ բաժանորդների ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնն ապահովուի ընկերութիւնների կառավարման գործում։ Այս առումով ուզում եմ ընդգծել յատկապէս հեռահաղորդակցութիւնը եւ էլի մի շարք ռազմավարական ոլորտներ», յայտնեց Փաշինեան՝ նշելով, որ կառավարութիւնը այս նուիրատուութիւնը ընդունելով նաեւ այլ ընկերութիւններու ուղերձ կը յղէ, որ ոչ թէ կառավարութեան նուիրատուութիւն ընեն, այլ բաց բաժնետիրական քաղաքականութիւն վարեն, որ թափանցիկութիւն պիտի ապահովէ։

«Եթէ յորդորները, աջակցութիւնը, խնդրանքը չազդի, մենք պէտք է գնանք օրէնսդրական մեխանիզմների», յայտնեց Գործադիրի ղեկավարը՝ շեշտելով հարկային բազմազանեցման մեխանիզմը։

«Ասել՝ դու բաց բաժնետիրական ընկերութիւն ես, ուրեմն էս դէպքում էս հարկն է գործում, եթէ բաց բաժնետիրական չես, ուրեմն էս հարկն է գործում, ընդ որում, պետական վերահսկողութեան որոշակի մեխանիզմներով», եզրափակեց Գործադիրի ղեկավարը։

Այս տարուան Յունուարի վերջը «Վիվա-ՄԹՍ»-ը տեղեկացուց, որ կը դադրին ռուսական «ՄԹՍ»-ի մաս կազմելէ։ Ընկերութիւնը վաճառուած է Կիպրոսի մէջ արձանագրուած FEDILCO GROUP LIMITED-ին։ Այդ ժամանակ ընկերութիւնը նաեւ հաղորդեց, որ մտադիր են բաժնեմասերուն 20 տոկոսը անհատոյց փոխանցել պետութեան՝ հաշուի առնելով «ՄԹՍ Հայաստան»-ի ռազմավարական նշանակութիւնը Հայաստանի համար»։

Այս տարուան Յունուարին Ամուլսարի ոսկիի հանքավայրը շահագործել պատրաստուող «Լիտիան Արմէնիա»-ն նաեւ յայտարարեց իր բաժնեմասերու 12,5 տոկոսը կառավարութեան փոխանցելու մասին։ Բաժնետոմսերու կառավարման լիազօրութիւնը վերապահուեցաւ Տնտըեսութեան նախարարութեան։ 2021-ին ալ Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային գործարանը իր 15 տոկոս բաժնետոմսերը նուիրեց կառավարութեան։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment