Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քննարկուած Են ՀՀ-ՆԱԹՕ Համագործակցութեան Ընթացիկ Ծրագրերը

Քննարկուած Են ՀՀ-ՆԱԹՕ Համագործակցութեան Ընթացիկ Ծրագրերը

by MassisPost

Հայաստանի պատուիրակութիւնը՝ Զինուած Ուժերու ԳՇ պետի տեղակալ Արթուր Երոյեանի գլխաւորութեամբ, ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայանին մէջ մասնակցած է Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ՆԱԹՕ-ի պաշտպանական կրթութեան զարգացման հայաստանեան ծրագրի ամէնամեայ քննարկումներուն։

Ըստ ՊՆ-ի հաղորդագրութեան՝ Արթուր Երոյեանը առանձնազրոյց ունեցած է նաեւ ՆԱԹՕ-ի միջազգային ռազմական շտաբի անվտանգային համագործակցութեան տնօրէն Դաչան Թիպերիուի Շերպանի հետ։

Անոնք քննարկած են ՀՀ-ԱՆԹՕ ռազմական համագործակցութեան ընթացիկ ծրագրերը եւ անոնց ընդլայնման հնարաւորութիւնները։

Մարտին Հայաստանի մէջ էր ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարը։ Խօսելով Հայաստանի ժողովրդավարական ու բարեփոխումներու օրակարգին մասին՝ Ենս Սթոլթենպերկը գնահատած էր նաեւ ՆԱԹՕ-Հայաստան համագործակցութիւնը։ Հայաստանի վարչապետը նշած էր, որ Երեւանը հետաքրքրուած է ՆԱԹՕ-ի հետ համագործակցութեան խորացմամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment