Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Փեթակ Շաբաթօրեայ Դպրոցը Տօնեց Տեառնընդառաջը եւ Տրնդեզը

Փեթակ Շաբաթօրեայ Դպրոցը Տօնեց Տեառնընդառաջը եւ Տրնդեզը

by MassisPost

Փասատենա քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Փեթակ շաբաթօրեայ դպրոցը 10 Փետրուար, Շաբաթ օր մեծ խանդավառութեամբ տօնեց Տեառնընդառաջը եւ Տրնդեզը:

Փեթակ շաբաթօրեայ դպրոցի սաներու անհամբերօրէն սպասած, իրենց շատ սիրելի Տեառնընդառաջ-Տրնդեզը նշուեցաւ 10 Փետրուար Շաբաթ օր:

Այդ օր աշակերտները դպրոցի սրահի մէջ նախ երգեցին Տէրունական աղօթքը եւ Հայաստանի քայլերգը, հնչեցուցին «Հայ աշակերտին ուխտը», ապա, իրենց ուսուցչուհիներէն կրկին լսեցին Տեառնընդառաջի իմաստը, խորհուրդը եւ աւանդութիւնները: Ապա աշակերտները շարան շարան ուղղուեցան եկեղեցի, վառեցին մոմեր, եւ այդ մոմերով, շարականներ երգելով դուրս ելան տաճարէն եւ վառեցին Տրնդեզի կրակը:

Դպրոցի տնօրէն Նորայր Տատուրեանը ներկաներուն բացատրեց, թէ սա պայծառ գարնանամուտ է, աշակերտներու վառած հուրը ջերմ եղանակի, խաղաղ օրերու, նոր ու բարի սկիզբներու աւետաբերն է, այդ խառոյկը Քրիստոսի լոյսի խորհրդանիշն է. ապա ան մեկնարկը տուաւ տօնակատարութեան:

Հնչեց հայկական աշխոյժ երաժշտութիւնը եւ յայտագրի յատուկ հիւրերը, Փասատենա քաղաքի Հայկական Ճեմարանի, Փաթիլ եւ Սինթիա Ալպարեան պարուսոյց քոյրերու կողմէ դաստիարակուած պարախումբի աշակերտները աւանդական պարերով եւ դհոլով իրենց ժիր մասնակցութիւնը բերին տօնակատարութեան, խանդավառեցին ներկաները, ստեղծեցին ցնծուն եւ տօնական մթնոլորտ:

Ապա աշակերտները համարձակ ոստումներով սկսան անցնիլ կրակի վրայէն. մանկապարտէզի սանիկները իրենց մօր եւ հօր ձեռքը բռնած, իսկ 7, 8 կամ 9 տարեկան «մեծցածները» աւելի բարձր եւ դարձդարձիկ շարժումներով՝ տպաւորելու համար ներկաները:

Տօնակատարութեան ընթացքին ներկաները վայելեցին դպրոցի պատրաստած աւանդական սեղանը:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Փեթակ շաբաթօրեայ դպրոցը 4-14 տարեկան հայորդիներուն կու տայ հայեցի դաստիարակութիւն, թէ կը սորվեցնէ հայոց լեզուն եւ թէ՝ ազգային եւ հոգեւոր ճոխ ձեռնարկներու կատարումով կը կերտէ հայկական ինքնութիւն: Դպրոցի արձանագրութիւնը միշտ բաց է: Պատգամ ձգել՝ 1626 660 9443, գրել՝ [email protected]<mailto:[email protected]>

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment