Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ոգեկոչում` Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ Տարելիցի

Ոգեկոչում` Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ Տարելիցի

by MassisPost

Լոս Անջելես – Հայոց Ցեղասպանութեան Յանձնախումբը (AGC), որ կ’ընդգրկէ Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ համայնքի հիմնական կրօնական, քաղաքական, երիտասարդական, բարեգործական, մարզական եւ հասարակական կազմակերպութիւնները, Կը յայտարարէ համայնքէն ներս լայնածաւալ հանրային միջոցառումներու կազմակերպումը:

Ապրիլ 24, 2024, ժամը 4:30-ին Կլէնտէլի Քաղաքապետարանի շրջափակին մէջ (613 E. Broadway, Glendale, CA) պիտի կայանայ հրապարակային միջոցառում եւ մէկ ժամ տեւողութեամբ յատուկ առցանց ծրագիր պիտի սփռուի նոյն օրը երեկոյեան ժամը 7-ին։ Համայնքի անդամները եւ  աշխարհի տարբեր կողմերէն Հայեր կարող են միանալ առցանց ծրագրին AGC-ի կայքի (www.agc1915.org) եւ AGC անդամ կազմակերպութիւններու ընկերային հարթակներուն միջոցով:

Այս տարուան ոգեկոչումը կը յաջորդէ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 12-էն մինչեւ 2023 թուականի Սեպտեմբերի 19-ը ինկած ժամանակահատուածին Ատրպէյճանի կողմէ 280 եւ աւելի օրեր տեւած Արցախի ցեղասպանական շրջափակման եւ ապա հայերու ցեղային զտումներու ենթարկման պայմաններուն տակ:

2024 թուականի Ապրիլ 18-ին Հայոց Ցեղասպանութեան Յանձնախումբը (AGC) նամակ յղած է նախագահ Պայտընին` դատապարտելով ԱՄՆ անգործութիւնը Արցախի ցեղասպանական շրջափակման ժամանակ եւ Պայտընի վարչակազմի ձախողումը` կանխելու հայերու ենթարկուած ցեղային զտումները Արցախի իրենց պապենական հողերէն:

Հայոց Ցեղասպանութեան Յանձնախումբը Պայտընի  վարչակազմէն կը պահանջէ հետեւեալը.

  1. Ստեղծել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի գլխաւորութեամբ միջազգային Հոգատարութիւն, որպէսզի ապահովէ 150,000 արցախահայութեան կեանքը եւ անոնց վերադարձի իրաւունքը իրենց պապենական հողերը` Հադրութ, Շուշի, Ստեփանակերտ, Մարտունի, Մարտակերտ, Ասկերան եւ Քաշաթաղ©
  2. Բռնի տեղահանուած եւ Հայաստանի Հանրապետութիւն ապաստանած 150,000 արցախցի փախստականներու կրթական, առողջապահական, տնտեսական եւ բնակարանային կարիքները հոգալու համար տրամադրել 750 միլիոն տոլարի կառավարական մարդասիրական օգնութիւն.
  3. Անյապաղ դադարեցնել ԱՄՆ-ի ռազմական եւ տնտեսական օգնութիւնը Ատրպէյճանին` համաձայն ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ Աջակցութեան Ակտի 907-րդ յօդուածին.
  4. Պատժամիջոցներ սահմանել Ալիեւի ռեժիմի անդամներուն նկատմամբ` համաձայն Մակնիսքիի Մարդու Իրաւունքներու Պատասխանատուութեան Ակտին` այդ ռեժիմի կողմէ իրականացուող շարունակական պատերազմական յանցագործութիւններուն եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններուն համար.
  5. Նպաստել բոլոր հայ գերիներու, կալանաւորներու եւ պատանդներու ազատ արձակման, անոնց շարքին Արցախի 8 պաշտօնատարներուն, որոնք առեւանգուած էին 2023 թուականի Սեպտեմբեր 19-ին, Արցախի դէմ Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումէն յետոյ.
  6. Վերականգնել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը` նպաստելով ատրպէյճանական բոլոր ուժերու դուրսբերման` 2021 թուականի մայիսէն սկսեալ Ատրպէյճանի շարունակական ներխուժումներուն ընթացքին գրաւուած տարածքներէն.

Յանձնախումբին կողմէ հաստատուած այլ միջոցառումներ Հարաւային Քալիֆորնիոյ տարածքին կը ներառեն.

*GNZA-ի արուն արշաւը համագործակցութեամբ Ամերիկեան Կարմիր Խաչի` Ապրիլի 21-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ Կ.Ե ժամը 3:00-ը, Նազարին Հայկական եկեղեցւոյ մէջ (411 E. Acacia Ave. Glendale, CA);

*Կլէնտէլ  քաղաքի կազմակերպած ոգեկոչումը` Ապրիլի 21-ին, ժամը 4:30-ին Ալեքս թատերասրահէն ներս (216 N Brand Blvd., Glendale, CA);

*UACLA-ի կազմակերպութեամբ կրօնական արարողութիւն եւ ծաղիկներու տեղադրում Ապրիլի 24-ին,  ժամը 10:00-ին Մոնթեպելոյի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանի մօտ (901 Via San Clemente, Montebello, CA);

*AYF-ի ցոյց Ապրիլ 24-ին, ժամը 12:00-ին Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսութեան առջեւ (8500 Wilshire Blvd., Beverly Hills, CA):

18 Ապրիլի, 2024

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment