Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնը Նշուեցաւ Հայ Քոյրերու Վարժարանին Մէջ

Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնը Նշուեցաւ Հայ Քոյրերու Վարժարանին Մէջ

by MassisPost

Չորեքշաբթի, 7 Փետրուար 2024-ին, Գալիֆորնիոյ Հայ Քոյրերու Վարժարանի աշակերտները նշեցին հաւատքի եւ հայրենիքին համար իրենց կեանքը զոհաբերած՝ Վարդանանց զօրավարաց տօնը:

Յայտագիրը սկսաւ Տէրունական աղօթքով: Բացման խօսքը կատարեց վարժարանիս հայոց լեզուի ուսուցչուհի Տիկ. Մարօ Գույումճեան՝ ըսելով, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ կան թուականներ, որոնք մեծ նաշնակութիւն ունեցած են ազգի գոյատեւման համար եւ անոնցմէ է 451 թուականը՝ Վարդանանց պատերազմը՝ Վարդան Մամիկոնեանի եւ 1036 զինուորներու արիւնով ներկուած Աւարայրի ճակատամարտը: «Հայ բանակը եւ ժողովուրդը այս ճակատամարտով կրցաւ քրիստոնէութեան խաչը բարձրացնել ու պատմութեան տալ հաւատքի անկորնչելի յաղթանակ մը:

Մանկապարտէզի աշակերտները ասմունքեցին «Հայորդի եմ, հայորդի», իսկ Ա. կարգի աշակերտները ներկայացուցին «Քաջ Վարդան» խորագրով ասմունք մը եւ երգ մը: 2-րդ եւ 3-րդ կարգի աշակերտները կատարեցին խմբերգ մը՝ «Մենք Քաջ Վարդանի զաւակներ»: Ապա փոքրերու պարախումբը ներկայացուց հայկական պար մը:

Վահան Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանանց»ը ասմունքեցին 6-րդ դասարանի աշակերտները: Այնուհետեւ, 4-րդ եւ 5-րդ դասարանէն քանի մը աշակերտներ Աւարայրի ճակատամարտի պատմականը ներկայացուցին անգլերէնով: Նոյն կարգերէն խումբ մը աշակերտներ կենդանի պատկերով՝ Վարդանանց ճակատամարտի թատերական ներկայացում կատարեցին, ապա երգեցին «Նորահրաշ» երգը:

Վարժարանի փոխտնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան բեմ բարձրանալով ըսաւ, որ Հայ Քոյրերու Վարժարանի աշակերտները հայրենիքէն հեռու ըլլալով հանդերձ հայերէն երգեցին ու աղօթեցին, եւ Վարդանանցի տօնին առիթով անգամ մը եւս իրենց ուխտը նորոգեցին՝ մնալու հայ եւ քրիստոնեայ: Ապա ան բացառիկ առիթ համարելով Հայ Քոյրերու Անարատ Յղութեան Միաբանութեան Մեծաւոր Մայր Արուսեակ Սաճոնեանին ներկայութիւնը դպրոց, զայն հրաւիրեց օրուան պատգամը փոխանցելու:

Առաքինափայլ Մեծաւոր Մայրը շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրնէութեան եւ ուսուցիչներուն, յատկապէս հայերէնի դասատուներուն՝ պատրաստուած յայտագրին համար, եւ սրտանց շնորհաւորեց աշակերտները՝ ըսելով, որ յուզումով հետեւացաւ անոնց ներկայացումին, երգերուն եւ ոտանաւորներուն, որովհետեւ անոնք սրտանց եւ համոզումով կ’արտայայտուէին: Ապա ան իր պատգամը ծնողներուն ուղղելով շնորհաւորեց զանոնք, հաւաստատելով որ միայն դպրոցով չէ դաստիարակութիւնը, այդ կը սկսի տունէն եւ դպրոցին մէջ կը շարունակուի: Մեծաւոր Մայրը ըսաւ. «Վարդանանք ըսին՝ այս հաւատքէն ոչ ոք կրնայ զրկել մեզ. կարեւորը այն է, որ արդեօք մենք այսօր օտար ափերու վրայ կրնա՞նք նոյնը կրկնել: Դժբախտաբար մենք տարուելով մեր շրջապատէն, տարուելով մեր շուրջը գտնուող արժէքներէն, շատ անգամ կը կորսնցնենք մեր կրօնական եւ ազգային արժէքները»: Ան շեշտեց, որ Վարդանի հոգին պէտք է ապրի մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ, որպէսզի աշակերտները մեծնալով եւ շրջապատէն ազդուելով շատ բան չկորսնցնեն այդ արժէքներէն, որովհետեւ այդ է Սփիւռքին վտանգը: Իր խօսքին աւարտին, Մայր Արուսեակը կոչ ըրաւ զօրավիգ կանգնելու Հայրենիքին, որ պէտք ունի Սփիւռքին, հաւատալով որ բոլորս համախմբուելով միասին պիտի կարենանք մեր հաւատքը, մեր ինքնութիւնը, մեր ազգը պահել:

Աւարտին, գերյարգելի Հայր Արմենակ Պետրոսեանը «Պահպանիչ»ով փակեց հանդիսութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment