Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Մանուկներու Յատուկ Ձեռնարկ Ս.Յարութեան Տօնին Առթիւ

Մանուկներու Յատուկ Ձեռնարկ Ս.Յարութեան Տօնին Առթիւ

Նախաձեռնութեամբ՝ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան

by MassisPost

Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան վարչական կազմը ,Ուրբաթ, Ապրիլ ,22-ի երկոյեան Ժամը 4-ին, Հ.Կ.Բ.Մ -ի կեդրոնին մէջ ,ջերմօրէն  ընդունեց  Ս.Զատկի եւ Յարութեան Տօնի  առթիւ  ակումբ ժամանած այն փոքրիկները որոնք իրենց ծնողքի ընկերակցութեամբ եկած  էին մասնակցելու վարչութեանս   նախաձեռնած  փոքրիկներու յատուկ  Ս. Զատկի նուիրուած ձեռնարկին:

Փոքրիկները   խանդավառ  էին եւ ուրախ,  իրենց համար շատ սիրելի  գոյնզգոյն հաւկիթներով զարդարուած   սեղաններն ու   նապաստակներն   տեսնելով  եւ իրենց հասակակից ընկերներուն միանալով:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ընկերուհի Անի Բինէճեան  բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն  Շնորհաւորեց   Յիսուս Քրիստոսի  հրաշափառ  Յարութեան  տօնը,  ընկերուհի Անին, նշեց թէ հայկական բոլոր տօները   խորհրդանշող աւանդութիւններն  ու  սովորութիւնները  ծանօթացնելը  մեր մանուկներուն ու պատանիներուն անհրաժեշտ են  եւ  հիմնական դեր կը կատարեն մեր ազգի գոյութեան  եւ սերունդներու հայակերտման: Ընկերուհին  բարի վայլում մաղթեց  ապա հրաւիրեց փոքրիկները մասնակից դառնալու իրենց օրուայ   ծրագրի իրագործման, երգերով , արտասանութիւններով   իրենց համար իւրայատուկ պատրաստուած  գոյնզգոյն հաւկիթներու  խաղերով:

Փոքրիկներու   ուրախութիւնը  անսահման էր ու անբացատրելի նամանաւանդ  նապաստակի անակնկալ Ժամանումով , անոնք արտասանեցին  պարեցին ու  երգեցին  նապաստակին շուրջ եւ   ստացան  զատիկը խորհրդանշող   նուէրներ եւ համադամ  քաղցրեղէններ:

Ներկաները եւ յատկապէս՝ փոքրիկները բաժնուեցան սրահէն տօնական ուրախ տրամադրութեամբ, հոգեկան բաւարարութիւն տալով կազմակերպիչ յանձնախումբին որ կարողացած  էր  հայ մանուկը ուրախ պահել եւ քրիստօնէկան այս Սուրբ տօնի առթիւ համախմբել զանոնք նոյն առաստաղի տակ  շարունակելով  մեզի ժառանգուած պապենական  հիանալի հայկական  աւանդութիւնները:

ԱՆԻ ՄԱՐՍԷԼԵԱՆ

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment