Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հանդիպած Են Միրզոյեանն Ու Պորելը. Կարեւորուած Է Տարածաշրջանին Մէջ Իրավիճակի Ապակայունացման Ուղղուած Հետագայ Քայլերու Զսպումը

Հանդիպած Են Միրզոյեանն Ու Պորելը. Կարեւորուած Է Տարածաշրջանին Մէջ Իրավիճակի Ապակայունացման Ուղղուած Հետագայ Քայլերու Զսպումը

by MassisPost

Պրիւքսէլի մէջ ՀՀ-ԵՄ Գործըկերութեան Խորհուրդի նիստին ընդառաջ, Փետրուարի 13-ին, կայացած է ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Եւրոպական Յանձնաժողովի փոխնախագահ, ԵՄ ԱԳԱՔ բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորէլի առանձնազրոյցը։

Միտքեր փոխանակուած են ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան օրակարգային հարցերու շուրջ։ Անդրադարձ կատարուած ՀՀ-ԵՄ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի իրականացման ընթացքին, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ վերջին շրջանին գործընկերութիւնը նոր ուղղութիւններով զարգացնելու նպատակով համատեղ իրականացուած քայլերուն ու առկայ հեռանկարներուն։

Քննարկուած են նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգային հարցեր։

Անդրադարձ կատարուած է նոյն օր առաւօտեան Ատրպէյճանի կողմէ առաւօտեան ՀՀ Սիւնիքի մարզի Ներքին Հանդ բնակավայրի շրջանին մէջ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու հերթական սադրանքի եւ ուժի կիրառման դէպքին։

ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը ընդգծած է, որ այս միջադէպը հերթական անգամ ի ցոյց կը դնէ այն, որ Ատրպէյճանը սահմանային մագլցումներ ծաւալելու համար պատրուակեր կը փնտռէ եւ շարունակաբար կը փորձէ վիժեցնել Հարաւային Կովկասի կայունութեամբ ու անվտանգութեամբ շահագրգիռ դերակատարներու՝ բանակցութիւնները վերսկսելու ջանքերը:

Կարեւորուած է Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի ապակայունացման ուղղուած հետագայ քայլերու զսպումը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment