Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Փասատենա Քաղաքի Հայկական Ճեմարանի աշակերտները Հայոց Ցեղասպանութեան հռչակագիր ներկայացուցին

Փասատենա Քաղաքի Հայկական Ճեմարանի աշակերտները Հայոց Ցեղասպանութեան հռչակագիր ներկայացուցին

Ապրիլ Ամիսը Հայկական Ցեղասպանութեան Ճանաչման Ամիս

by MassisPost

Փասատենա քաղաքի Հայկական Ճեմարանի աշակերտները 28 Մարտ 2024, Հինգշաբթի օր, նոյն քաղաքի հանրային դպրոցներու Ուսումնական Խորհուրդին (Pasadena Unified School District Board of Education) ներկայացուցին Հայկական Ցեղասպանութեան հռչակագիր մը, որ ունէր հետեւեալ խորագիրը. «Resolution 2751 – Armenian Genocide Remembrance – April PUSD recognizes April as the month to memorialize the casualties of the Armenian Genocide, which occurred between 1915 and 1923»: Նիստին ներկայ էին քաղաքի բազմաթիւ հայ եւ օտար բնակիչներ, ճեմարանի ուսուցչական կազմը եւ ծնողներ:

Հայկական Ճեմարանի աւագ դասարանի աշակերտներ Էլեն Վարդանեանը, Մեղեդի Պաղտասարեանը եւ Էրիք Նահապետեանը ուսումնական Խորհուրդի եօթը անդամներուն առջեւ ընթերցեցին երկարաշունչ հռչակագիրը: Բարձրախօսին առաջին մօտեցողը Մեղեդի Պաղտասարեանն էր: Ան ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը՝ անոր ծրագրաւորումէն մինչեւ գործադրութիւնը, յանձնառու դերակատարներէն՝ մինչեւ վերջնական նպատակը: Յաջորդը Էրիքն էր: Ան կարդաց ԱՄՆ նախագահներու, ինչպէս նաեւ՝ ԱՄՆ ծերակոյտի եւ նահանգներու, յատկապէս՝ Քալիֆորնիոյ նահանգի ցուցաբերած հակազդեցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող օրերուն, իւրաքանչիւրին կատարած մարդասիրական օգնութիւնները եւ անոնց առած օրինական քայլերը դէպի ճանաչում: Երիտասարդը պատկերալից ձեւով ներկայացուց Արցախի մէջ ստեղծուած վիճակը, կէտ առ կէտ թուելով մարդկութեան հանդէպ գործադրուած յանցանքներու անպատժելիութեան անսրբագրելի հետեւանքները, ինչպէս աշխարհը ականատես եղաւ՝ Արցախի ամբողջական հայաթափումը, մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան կորուստը, եւ այդ բոլորի ուրացումը: Ապա Էլէն Վարդանեանը ներկայացաւ խորհուրդի առջեւ եւ ներկայացուց պահանջներու երկար ցանկ մը, որոնք էին. Փասատենա քաղաքի բոլոր հանրակրթական վարժարաններու մէջ դասաւանդել Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը, քաղաքի նիւթական միջոցներով պատմութեան ուսուցիչները վերապատրաստել, թէ ինչպէ՛ս պէտք է դասաւանդել Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Փասատենա քաղաքի բոլոր հանրակրթական դպրոցներու մէջ հայոց ցեղասպանութիւնը արժանի եւ յարգալիր ձեւով նշել, դպրոցներու մէջ ճանաչողական ձեռնարկներ կազմակերպել, ինչպէս նաեւ՝ Փասատենա քաղաքի մէջ Ապրիլ ամիսը նշանակել որպէս «Հայկական Ցեղասպանութեան Ճանաչման եւ Ցեղասպանութիւններու Կանխարգիլման Ամիս»:

Ընթերցումներու աւարտին սկսաւ կարծիքներու միջոցը: Քաղաքի ուսումնական բաժանմունքի գլխաւոր պաշտօնակատար Տր. Հէլէն Չան-Հիլ ուսումնական խորհուրդի անդամներուն եւ ներկաներուն ուրախութեամբ տեղեկացուց, թէ համաշխարհային պատմութեան դասաւանդման ծրագրին մէջ որպէս առանձին նիւթ արդէն ներառուած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, աւելին՝ PUSD-ն որոշած է ընկերագիտութեան եւ պատմութեան (social studies) իր ամբողջ անձնակազմը իր նիւթական միջոցներով վերապատրաստել, որպէսզի անոնք Հայոց Ցեղասպանութիւնը ամբողջութեամբ եւ ուղիղ բառապաշարով կարենան դասաւանդել: Ան շնորհաւորեց նաեւ աշակերտները, բացատրելով, թէ անոնք որպէս երիտասարդ ուսանողներ, ցեղասպանութեան եւ արդարութեան զգայուն նիւթը պատասխանատուութեամբ յանձն առին եւ ներկայացուցին պաշտօնական մակարդակով: Տր. Չան-Հիլը յայտարարեց նաեւ, թէ քառամեայ Հայկական Ճեմարանը Փասատենա քաղաքի ուսումնական կեանքի մէջ մշակութային եւ լեզուական իսկական հարստութիւն մըն է:

Քուէարկութեան աւարտին հռչակագիրը ընդունուեցաւ 7-0 միաձայնութեամբ: Կը շնորհաւորենք մեր շնորհալի աշակերտները:

(Հաղորդագրութիւն՝ Ճեմարանէն)

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment