Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Փեթակ Շաբաթօրեայ Դպրոցը Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 109ամեակը

Փեթակ Շաբաթօրեայ Դպրոցը Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 109ամեակը

by MassisPost

Փասատենա քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Փեթակ շաբաթօրեայ դպրոցը 27 Ապրիլ 2024, Շաբաթ միջօրէին աշակերտական յայտագիրով նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 109ամեակը: Յայտագիրին ներկայ էին ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ գերաշնորհ տէր Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի օրհնութեամբ երկու հոգեւոր հայրեր՝ հոգեշնորհ տէր Անանիա վարդապետ Ծատուրեանը եւ արժանապատիւ տէր Նժդեհ քահանայ Քէշիշեանը, ծնողներ, մեծ հայրեր ու մայրեր, ինչպէս նաեւ ընտանեկան հիւրեր:

Ամենամեայ արարողութիւն-յայտագիրը սկսաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ գեղակերտ, սրբատաշ խաչքարի առջեւ ծաղիկներ խոնարհեցնելով: Իւրաքանչիւր աշակերտ, 4էն 12տարեկան, մէկիկ մէկիկ մօտեցաւ խաչքարին, խաչակնքեց եւ իր ծաղիկը իջեցուց ծխացող խնկամանի մօտ:

Դպրոցի տնօրէն Նորայր Տատուրեանը մեկնարկը տուաւ յայտագիրին: Ան նախ ներկայացուց հիւր հոգեւորականները: Ան Մայր Աթոռէն քաղաքս նոր ժամանած հայր Անանիային մաղթեց բարի ծառայութիւն: Ն. Տատուրեանը ապա տուաւ օրուան պատգամը. «Ծաղիկները եկան եւ խոնարհեցան, որպէսզի նահատակներու յիշատակը թարմ եւ բուրումնալից մնայ: Ինչպէս Պ. Դուրեանը ըսած էր՝ յիշատակը եթէ թառամի, այն ատեն մարդը կը մեռնի»:

Յայտագիրի ընթացքին աշակերնտերը երգեցին Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային քայլերգը եւ դպրոցի քայլերգ դարձած՝ «Մենք մանուկներ հայոց ազգի» երգը: Դպրոցի օգնականուհիներէն՝ 13ամեայ Տերեւ Տատուրեանը խոր ոգեւորութեամբ արտասանեց Յովհաննէս Թումանեանի «Հին Օրհնութիւն» քերթուածը: Դպրոցի ուսուցչուհիներէն Ազնիւ Սէրայտարեանը համեստ եւ պարզունակ լեզուով դպրոցի սանիկներուն բացատրեց, թէ ինչո՛ւ հաւաքուած էինք խաչքարի առջեւ եւ հայեցի դաստիարակութիւնը ինչո՛ւ կարեւոր էր վերապրած հայ ազգի համար: Ապա Բ. դասարանի աշակերտները ցնծուն ձայնով արտասանեցին հայրենիքին նուիրուած, գարնան գոյներով եւ բոյրերով համեմուած գողտրիկ ոտանաւոր մը եւ հպարտութեամբ ըսին՝ «Մեր անուշիկ Հայաստան, դուն կարկաչուն աղբիւր ես»:

Յայտագիրի վերջաւորութեան հայր սուրբը տուաւ իր պատգամը եւ հայրական խօսքը: Ան սփիւռքի մէջ որպէս հայ ազգի գոյատեւման եւ ծաղկման ամենէն իրական եւ ազդեցիկ հաստատութիւն՝ ցոյց տուաւ հայեցի դաստիարակութիւնը, ինչպէս Փեթակ շաբաթօրեան: Հայր սուրբը գնահատեց եւ օրհնեց դպրոցի ծնողներու նուիրուածութիւնը՝ դպրոցի բոլոր աշակերտներուն եւ պաշտօնէութեան յաջողութիւն մաղթեց:

Ջերմ եւ անմիջական մթնոլորտի մէջ անցած այս ընտանեկան յայտագիրը աւարտեցաւ Տէրունական աղօթքի միաբերան երգեցողութեամբ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment