Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն Հակադարձած Է Պորէլի Յայտարարութեան

Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն Հակադարձած Է Պորէլի Յայտարարութեան

by MassisPost

Ատրպէյճանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը հակադարձած է ԵՄ դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորէլի յայտարարութեան:

Ատրպէյճանի ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս կ’սըուի. «Ատրպէյճանը կը դատապարտէ եւ կը մերժէ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորէլի անհիմն մեղադրանքները, որոնք ան հնչեցուցած է Փետրուար 13-ին Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ համատեղ ասուլիսի ընթացքին։

Ժոզեփ Պորէլի կողմէ հայկական կողմը արդարացնելը կը գնահատուի որպէս Հայաստանի ռազմական սադրանքի անտեսում։ Ցաւօք, ԵՄ-ն կ’անտեսէ հինգ ամսուան կայունութենէն յետոյ ատրպէյճանցի զինուորի վիրաւորուիլը դիպուկահարի կրակոցէն՝ առանց որեւէ սադրիչ գործօններու։ Սադրանքին ի պատասխան Ատրպէյճանի ձեռնարկած քայլերը միանգամայն համարժէք էին եւ կը կրէին տեղային բնոյթ։ Այս միջոցները նաեւ կանխեցին ռազմական մագլցումը ընդլայնելու Հայաստանի փորձերը»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment