Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հայկական Պաշտպանութեան Արձանագրութիւն» Օրինագիծը Ներկայացուած Է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատ

«Հայկական Պաշտպանութեան Արձանագրութիւն» Օրինագիծը Ներկայացուած Է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատ

by MassisPost

Փետրուար 8-ին դեմոկրատ գոնկրէսականներ Ֆրենք Փալոն կրտսերն ու Կէյպ Ամոն, հանրապետական գոնկրէսականներ Մայք Լոլերի եւ Կաս Պիլիրաքիսի հետ միասին, ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատ ներկայացուցին «Հայաստանի պաշտպանութեան արձանագրութիւն» օրինագիծը, որով կ’առաջարկուի կասեցնլ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ Աջակցութեան արձանագրութեան 907 բանաձեւի չեղարկման լիազօրութիւնը:

907 բանաձեւը կը յայտարարէ, որ Միացեալ Նահանգները ֆինանսական միջոցներ «չի կրնար տրամադրել Ատրպէյճանի կառավարութեան, մինչ նախագահը չսահմանէ եւ այդպիսով չզեկուցէ Գոնկրէսին, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը ակնյայտ քայլեր կը ձեռնարկէ՝ դադրեցնելու բոլոր տեսակի շրջափակումները եւ ուժի այլ յարձակողական գործադրումները Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ»: Սեպտեմբեր 11-էն յետոյ վարչակազմը ստացաւ այս բանաձեւը ժամանակաւորապէս կասեցնելու հնարաւորութիւնը` Ատրպէյճանը 907 բանաձեւի դրոյթներու կիրառումէն ազատելու համար:

Այս օրէնսդրական արձանագրութիւնը ներկայացուեցաւ այն ժամանակ, երբ Ծերակոյտը քուէարկութեամբ ընդունեց S.3000-ը օրինագիծը, որ յայտնի է նաեւ որպէս «հայկական պաշտպանութեան արձանագրութիւն», որն առաջնորդեցին դեմոկրատ ծերակուտական Կերի Փիթըրզը եւ հանրապետական ծերակուտական Մարքօ Ռուպիօն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment