Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պաքուն Բողոքի Գիր Յղած Է ԵՄ-ին

Պաքուն Բողոքի Գիր Յղած Է ԵՄ-ին

by MassisPost

Ատրպէյճանի մէջ ԵՄ դեսպան Փեթր Միխալքօն հրաւիրուած է Արտաքին գործերու նախարարութիւն։

Ատրպէյճանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը վերահաստատած է «իր լուրջ մտահոգութիւնը» Հայաստանի մէջ ԵՄ դիտորդական առաքելութեան (EUMA) գործունէութեան վերաբերեալ՝ նշելով, որ «այն կը հակասէ առաքելութեան եւ գործունէութեան վերաբերեալ նախնական պայմանաւորուածութիւններուն»։

Ըստ Պաքուի՝ տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վստահութեան հաստատելու իր յայտարարութիւններուն հակառակ, առաքելութիւնը որպէս «հակաատրպէյճանական քարոզչական գործիք կ’օգտագործուի»։

Պաքուն մեղադրած է ԵՄ-ն «հեռադիտակներով դիւանագիտութիւն» վարելու համար՝ նշելով, թէ «առաքելությունը կը նպաստէ եւրոպացի պաշտօնեաներու եւ ոչ-պաշտօնական պատուիրակութիւններու այցերուն սահմանամերձ շրջաններ»։

«Բոլոր նման այցերը, առանց բացառութեան, կ’օգտագործուին Ատրպէյճանի դէմ ատելութիւն տարածելու համար», նշած է Պաքուն՝ շեշտելով, որ «յատկապէս մտահոգիչ է, որ «հեռադիտակային դիւանագիտութեան» նման աշխուժացումը տեղի կ’ունենայ «սահմանի երկայնքով աննախադէպ հանգիստ իրավիճակի պայմաններու մէջ, երբ Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը վստահութեան ամրապնդման լուրջ միջոցառումներ կ’իրականացնեն»։

Օրերս Պաքուն հաղորդեց, որ Ատրպէյճանի մէջ ձերբակալուած է Հայաստանէն սահմանը ապօրինի հատած Չեխիոյ քաղաքացի։ Պաքուն փորձեց կապ գտնել անոր եւ ԵՄ դիտորդական առաքելութեան միջեւ՝ Չեխիոյ քաղաքացին մեղադրելով լրտեսութեան համար։
Ատրպէյճանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը նաեւ յայտարարած է, թէ «ԵՄ առաքելութեան պատասխանատաուութեան հատուածին մէջ սահմանի ապօրինի հատման փորձի վերջին դէպքը լուրջ ստուեր կը նետէ առաքելութեան յայտարարած նպատակներուն վրայ»։ «Նման գործողութիւնները որեւէ կերպ չեն համապատասխաներ, որպէս չէզոք դերակատար, վստահութեան ամրապնդման շուրջ առաքելութեան յայտարարուած նպատակներուն», նշած է Արտաքին գործերու նախարարութիւնը։

Պաքուն կոչ ըրած է ԵՄ-ին՝ ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ որպէսզի Հայաստանի տարածքին տեղակայուած ԵՄ առաքելութիւնը «գործէ խստօրէն որպէս չէզոք, քաղաքացիական եւ անզէն առաքելութիւն՝ համաձայն իր յայտարարած մանտաթի, ձեռնպահ մնայ որեւէ գործողութենէ, որ կրնայ թիրախաւորել Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը կամ որեւէ այլ կերպ ազդել անոր օրինական անվտանգութեան շահերուն վրայ»:

Օրերս Փեթր Միխալքօն ափսոսանք յայտնած էր առաքելութեան դէմ Պաքուի արշաւին առնչութեամբ՝ շեշտելով, որ Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութիւնը անզէն է, մանտաթը դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելն է։

Առաքելությունը Հայաստանի մէջ տեղակայուած է 2023-ի Փետրուարէն, մանտաթը երկու տարի է։ Պաշտօնական Պրիւքսէլի համոզմամբ, առաքելութիւնը «պիտի նպաստէ սահմանային գօտիներուն մէջ կայունացման, վստահութեան ամրապնդման եւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment