Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փութինի Երեւան Կատարելիք Այցէն Առաջ Կը Պահանջուին Հայկական Կողմի Երաշխիքները. Փեսքով

Փութինի Երեւան Կատարելիք Այցէն Առաջ Կը Պահանջուին Հայկական Կողմի Երաշխիքները. Փեսքով

by MassisPost

Ռուսաստանը նախագահ Վլատիմիր Փութինի Հայաստան հնարաւոր այցէն առաջ պէտք է որոշակի հաւաստիացումներ ունենայ հայ գործընկերներէն ՄՔԴ-ին միանալու հետ կապուած, այդ հարցը պէտք է լուծել: Այս մասին «Ռիա Նովոսթի»-ին ըսած է Ռուսաստանի նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:

Փեսքովի խօսքով` նոր իրողութիւնը՝ կապուած միջազգային կանոնադրութեան Հայաստանի միանալու հետ, ի հարկէ, չի կրնար չունենալ բացասական ազդեցութիւն երկկողմ յարաբերութիւններուն վրայ. «Ի հարկէ, այստեղ շատ կարեւոր է ստանալ մեր հայ գործընկերներուն որոշակի հաւաստիացումները։ Այդ հարցը դեռ պէտք է լուծուի երկկողմ երկխօսութեան շրջանակին մէջ, ինչին ալ մենք տրամադրուած ենք», ըսած է Փեսքով լրագրողներուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment