Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռուսաստանի Մէջ Կ’ակնկալեն, Որ Հայաստան Կը Վերսկսի Աշխատանքը ՀԱՊԿ-ի Մէջ

Ռուսաստանի Մէջ Կ’ակնկալեն, Որ Հայաստան Կը Վերսկսի Աշխատանքը ՀԱՊԿ-ի Մէջ

by MassisPost

Ռուսաստանը կ’ակնկալէ, որ Հայաստան կը վերսկսի բնականոն աշխատանքը Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան մէջ։

«Ռիա Նովոսթի»-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Ռուսիոյ արտաքին գործերու փոխնախարար Ալեքսանտր Փանքինը ըսած է, որ Հայաստանի շտապ վերադարձը ՀԱՊԿ-ի բնական եւ լիարժէք աշխատանքային շրջանակ, պիտի նպաստէ կազմակերպութեան գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման։

«Մենք բոլորս հետաքրքրուած ենք ՀԱՊԿ գործունէութեան հետագայ կատարելագործմամբ եւ անոր՝ որպէս ռազմաքաղաքական դաշինքի արդիւնաւէտութեամբ։ Անշուշտ, անոր պիտի նպաստէր Հայաստանի շտապ վերադարձը կազմակերպութեան բնական եւ լիարժէք աշխատանքային շրջանակ», նշած է փոխնախարարը։

Պաշտօնեան, սակայն, ափսոսանք յայտնած է առ այն, որ հայ դաշնակիցները առայժմ իրենց հեռու կը պահեն վերոնշեալէն։

Փոխնախարարը Երեւանի գործընկերներուն կոչ ըրած է կազմակերպութիւնը քննադատելու փոխարէն սկսելու հասունցած հարցերու քննարկումը քաղաքական եւ փորձագիտական մակարդակներով։

Փանքինի կարծիքով՝ Մոսկուան կ’ելլէ անկէ, որ ՀԱՊԿ-ի շրջանակներուն մէջ Հայաստանի հետ փոխադարձ յարգալից երկխօսութեան շարունակումը կը համապատասխանէ անվտանգութեան ոլորտին մէջ Երեւանի շահերուն, կը ծառայէ խաղաղութեան ու կայունութեան աջակցման եւրասիական տիրոյթին մէջ՝ ներառեալ Հարաւային Կովկասը։

Հայաստանը վերջին շրջանին պոյքոթած է ՀԱՊԿ-ի տարբեր հարթակներու վրայ կայացած միջոցառումները եւ չէ մասնակցած կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներու, արտաքին գործերու նախարարներու, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարներու, խորհրդարանականներու մակարդակներով վերջին նիստերուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment