Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ղարաբաղի Մէջ Ռուս Խաղաղապահներու Տեղակայման Հարցը Հայկական Կողմին Չի Վերաբերիր, Այդ Մոսկուայի Եւ Պաքուի Երկկողմ Յարաբերութիւններու Հարց Է․ Լաւրով

Ղարաբաղի Մէջ Ռուս Խաղաղապահներու Տեղակայման Հարցը Հայկական Կողմին Չի Վերաբերիր, Այդ Մոսկուայի Եւ Պաքուի Երկկողմ Յարաբերութիւններու Հարց Է․ Լաւրով

by MassisPost

Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման հարցը հայկական կողմին չի վերաբերիր, այդ Մոսկուայի եւ Պաքուի երկկողմ յարաբերութիւններու հարց է: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի միջոցառումներուն մասնակցութեան արդիւնքներու վերաբերեալ ասուլիսի ժամանակ։

«Մենք իսկապէս այնտեղ՝ Ղարաբաղի մէջ,  ունինք խաղաղապահներ, նոյնիսկ այն բանէն յետոյ, երբ բոլորը ճանչցան Ղարաբաղը որպէս ատրպէյճանական տարածք, բայց այս հարցը այլեւս չի վերաբերիր հայկական կողմին, սա Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի երկկողմ յարաբերութիւններու հարց է», ընդգծեց նախարարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment