Ազգային Ժողովի հերթական ընտրութիւններու գործընթացի մեկնարկէն՝ 2026-ի Փետրուար 7-էն առ այսօր, իրաւասու դատարաններ յանձնուած է ընտրական յանցագործութիւններու վերաբերեալ 43 քրէական վարոյթ։ Այս մասին յայտնած է Գլխաւոր դատախազութիւնը՝ յաւելելով, որ այս գործերով կ’անցնի 153 անձ։
Ըստ հաղորդագրութեան՝ ներկայացուած քրէական վարոյթներէն 31-ը կը վերաբերին «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան եւ համանուն կուսակցութիւններու դաշինքին, ընդ որում՝ անոնցմէ մէկուն մէջ ներգրաւուած է նաեւ «Մեր ձեւով» հասարակական կազմակերպութեան գրասենեակի ղեկավարը։ Բացի անկէ, 10 վարոյթ կը վերաբերի «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան, իսկ 2-ը՝ «Հայաստան» դաշինքի անդամներուն ու համակիրներուն։
Չարաշահումները հիմնականին մէջ կ’առնչուին ընտրակաշառք տալուն, ստանալուն, բարեգործութեան արգելքը խախտելուն եւ ընտրական իրաւունքի ազատ իրականացման խոչընդոտելուն։

