Ատրպէյճանը աւարտած է Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի նախապատրաստման աշխատանքներուն իր մասը, իսկ երկու երկիրներուն միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման գործընթացը կը շարունակուի։ Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամով։
Անոր խօսքով՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքները կը շարունակուին։ Այդ նպատակով ստեղծուած են համապատասխան երկկողմ յանձնաժողովներ։ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարը նշած է, որ աշխատանքները կը տարուին մշտական հիմունքով եւ արդէն տուած են առաջին դրական արդիւնքները։ Մասնաւորապէս, կողմերը աւարտած են պետական սահմանի մօտ 13 քիլոմեթրի սահմանազատումը։
Պայրամով յայտնած է, որ կողմերուն միջեւ որոշակի պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են, որոնց համաձայն՝ սահմանազատման գործընթացը պիտի շարունակուի հիւսիսէն հարաւ։ Ան նաեւ ընդգծած է, որ այս գործընթացի շրջանակներուն մէջ լուծում պիտի գտնուի ներգաւառային գիւղերու հարցին շուրջ։
Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարը յաւելած է, որ ատրպէյճանական կողմը արդէն աւարտած է բոլոր անհրաժեշտ ընթացակարգերը՝ կապուած Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի վերջնական նախապատրաստման հետ։

