Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոպայի Ծանրակշիռ Զգուշացումները Պաքուին

Եւրոպայի Ծանրակշիռ Զգուշացումները Պաքուին

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւնները, որոնք կասկածի տակ կ’առնեն  Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը, կը մղեն Եւրոպական կառոյցները աւելի  յստակ ու կտրուկ խօսքերով զգուշացնելու  Պաքուին: Այդ շարքին ուշագրաւ  էր Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ ապահովութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելի հակադարձը, ուր ան կու գար յայտարարելու, որ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ: «Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում անընդունելի պիտի ըլլայ եւ լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ Ատրպէյճանի հետ մեր յարաբերութիւններուն համար», ըսաւ Պորել: Շաբաթ մը առաջ նոյնանման յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ ԵՄ բարձրաստիճան մէկ այլ պաշտօնեան՝ Փիթըր Սթանօ յայտնելով, որ Եւրոպական Միութիւնը Ատրպէյճանին յստակ ուղերձներ կը փոխանցէ, որ այդ երկրին կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում անընդունելի է եւ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ:

Այս շարքին պէտք է դասել նաեւ Ֆրանսայի Ծերակոյտի ընդունած բազմաբովանդակ բանաձեւը, ուր անդրադարձ կայ Հայութեան դիմագրաւած գլխաւոր հարցերուն: Գրեթէ միաձայնութեամբ եւ քաղաքական տարբեր հոսանքներ ներկայացնող  բոլոր կուսակցութիւններուն կողմէ հաւանութեան արժանացած բանաձեւը կը յայտնէ աջակցութիւն Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան, կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ իր դաշնակիցներու աջակցութեամբ 2023-ի Սեպտեմբեր 19-ին եւ 20-ին իրականացուած ռազմական յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի դէմ, կոչ կ’ընէ Ատրպէյճանին երաշխաւորելու հայ բնակչութեան վերադարձի իրաւունքը Լեռնային Ղարաբաղ, կոչ կ’ընէ ատրպէյճանական զօրքերուն եւ անոնց դաշնակիցներուն անյապաղ եւ անվերապահ դուրսբերումը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն,  կը նշէ, որ Հայաստանը իրաւունք ունի պաշտպանելու իր տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ունենալու միջոցներ՝ ապահովելու իր անվտանգութիւնը, այդ շարքին՝ ռազմական ճանապարհով:

Այս բանաձեւին մէջ ուշագրաւ է «Ատրպէյճան  ու դաշնակիցներ՚ բառակապակցութիւնը« որուն չէինք հանդիպած նախապէս: «Դաշնակիցներ՚ յոգնակի բառի օգտագործումը ենթադրել կու տայ որ խօսքը կը վերաբերի ե՜ւ Թուրքիոյ ե՜ւ Ռուսաստանին: Առաջինը իր անմիջական մասնակցութեամբ կ՛աջակցի Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ ռազմական գործողութիւններուն, իսկ երկրորդը՝ Ռուսաստանը իր լուռ մեղսակցութեամբ տակաւին վերջերս նպաստեց Արցախի Հայաթափման:

Խօսելով Ռուսաստանի մասին պէտք է անդրադառնալ նաեւ Արտաքին Գործոց նախարար Սէրկէյ Լավրովի այն յայտարարութեան, թէ 44-օրեայ պատերազմի աւարտին Փութինի, Փաշինեանի Եւ Ալիեւի մասնակցութեամբ  գոյացած համաձայնութեան մէջ «Զանգեզուրի Միջանցքի» մասին երբեք խօսք չէ եղած: Լաւրով իր այս խօսքերով երեւութապէս կը պաշտպանէ Երեւանի տեսակէտը, սակայն Մոսկուայի ծրագիրը յստակ է. առանց այդ միջանցքի անուանումը օգտագործելու Սիւնիքով անցնող ու Նախիջեւանը բուն Ատրպէյճանին կապող ճանապարհի հսկողութիւնը յանձնել Ռուսական  զօրքերուն: Կասկածներ կան, որ այս հարցով Մոսկուան ու Պաքուն կը գործեն համախորհուրդ՝ առաջինը իրեն համար կ՛ապահովէ մնայուն ներկայութիւն եւ աւելի մեծ ազդեցութիւն տարածաշրջանէն ներս, իսկ Պաքուն կը յաջողի  իր քաղաքացիները զերծ պահել Հայկական կողմի ստուգումներէն: «Զանգեզուրի Միջանցքի» հարցը դարձեալ հրապարակ գալը կը վերագրուի Մոսկուա-Պաքու փոխադարձ շահի այս ծրագրին, որուն նպատակներէն մին է նաեւ  Եւրոպան եւ յատկապէս Ֆրանսան հեռու պահել Հայաստանէն:

Վերջին զարգացումները կը յուշեն, որ անկախ թէ այլ խաղացողներ ինչ կը ծրագրեն, Եւրոպան որոշած է քաղաքականապէս, զինուորապէս ու տնտեսապէս աջակցիլ Հայաստանին, սակայն կը մնայ որ ան չկրկնէ նախկին իր սխալներ: Արցախի շրջափակման ժամանակ անոնք բաւարարուեցան կոչերը ընելով ու վստահեցան՝ Արցախի վրայ չյարձակելու Ալեւի խոստումներուն:

Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութեան նկատմամբ իր հրապարակային յանձնառութիւնը Եւրոպան պէտք է վերածէ գործնականի, առաջին հերթին խզելով Պաքուի հետ կնքուած կազի մատակարարման համաձայնագիրը, որ Ատրպէյճանին կ’ապահովէ տարեկան առնուազն 15 միլիառ տոլար:  Հայաստանին աւելի լայն ռազմական օժանդակութիւն տրամադրելով ու պատժամիջոցներու ընդարձակ ծրար մը շարժման մէջ դնելով է որ միայն, կարելի պիտի ըլլայ զսպել Ատրպէյճանի ռազմական նկրտումները Հայաստանի ինքնիշխանութեան դէմ:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment