Home Uncategorized ՀՀ Կառավարութենէն կը Հերքեն Մեղրին Դատարկելու Մասին Տարածուող Լուրերը

ՀՀ Կառավարութենէն կը Հերքեն Մեղրին Դատարկելու Մասին Տարածուող Լուրերը

by MassisPost

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Տարօն Չախոյեանը հերքած է լուրերը, թէ իշխանութիւնները կը պատրաստուին Մեղրին դատարկելու: Ան շեշտած է, որ այդ լուրերը կեղծ են, անհիմն եւ իրականութեան հետ աղերս չունին։

Անդրադառնալով Մեղիրի մէջ պետական կառոյցները փակելու մասին տարածուող լուրերուն՝ կառավարութեան անդամը յիշատակած է այն աշխատանքները, որոնք կառավարութիւնը կ’իրականացնէ եւ կը պատրաստուի իրականացնելու Մեղրիի մէջ:

«Մեղրիում կառուցւում է նոր մաքսակէտ 21 միլիոն եւրօ վարկային եւ դրամաշնորհային միջոցներով։ Մեղրիում կառուցուելու է ոստիկանութեան ստորաբաժանման տիպային շէնք, որը օրինակելի է լինելու միւս ստորաբաժանումների համար։ Մեղրիում պետական միջոցներով այս տարի կը սկսուի նոր դիահերձարանի կառուցման շինարարութիւնը»:

Յետգրութեամբ Չախոյեան ընդգծած է՝ իշխանութիւնը միայն մէկ բան կրնայ յանձնել. Մեղրին «դատարկելու» մասին կեղծ լուրերը տարածողները հանրութեան դատին:

Աւելի վաղ «Հայկական Ժամանակ»-ի հետ զրոյցին, Մեղրիի համայնքապետ Բագրատ Զաքարեան վրդովմունք յայտնած էր համայնքը «դատարկելու» մասին վերջին օրերուն շրջանառուող կեղծ լուրերուն վերաբերեալ: Ըստ անոր՝ այն անձը, որ տեղեկութիւններ կը տարածէ, թէ Մեղրին շուտով պիտի դատարկուի, պետութեան, անոր անվտանգութեան թշնամին է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment