Արցախէն տեղահանուած անձերու կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու համար ներկայացուած է աւելի քան 53 հազար դիմում, որոնցմէ 45 հազարէն աւելին արդէն բաւարարուած են։ Ազգային Ժողովին մէջ ճեպազրոյցի ժամանակ այս մասին յայտնած է ներքին գործերու փոխնախարար Արմէն Ղազարեանը։
Անդրադառնալով փաստաթղթային խնդիրներուն, մասնաւորապէս՝ ծննդեան վկայականներու բացակայութեան, փոխնախարարը նշած է, որ անոնք օրէնսդրական պահանջ են քաղաքացիութեան տրամադրման գործընթացին համար։ Դատական քաշքշուկներէն խուսափելու նպատակով կը կիրառուի նօտարական պարզեցուած մեխանիզմ փաստերու հաստատման համար։
«Առանց ծննդեան վկայականի քաղաքացիութեան շնորհման գործ չի կարող լինել, դա տրամաբանական կառուցակարգ է, նախատեսուած է քաղաքացիութեան մասին օրէնսդրութեամբ։ Արդարադատութեան նախարարութեան մեր գործընկերներն առաջարկում են նօտարական մեխանիզմը, որն արդէն իսկ սկսել է կիրառուել, եւ նախատեսում են նաեւ տուրքերից ազատում, ինչը եւս կը նպաստի մեր հայրենակիցների բեռի թեթեւացմանը»,- ըսած է փոխնախարարը։
Խօսելով քաղաքացիութեան տրամադրման ժամկէտերու հնարաւոր ձգձգումներէն՝ Արմէն Ղազարեան պարզաբանած է, որ օրէնքով սահմանուած առաւելագոյն ժամկէտը վարոյթի մեկնարկէն սկսած 90 աշխատանքային օր է, եւ նման խախտումները եզակի են։ Ան ընդգծած է, որ առկայ թիւրընկալումները կապուած են այն հանգամանքին հետ, երբ քաղաքացիները վարոյթի սկիզբ կը համարեն փաստաթուղթերու հաւաքման փուլը, մինչդեռ պաշտօնական վարոյթը կը մեկնարկէ միայն փաստաթուղթերը վարչական մարմին ներկայացնելու եւ իսկութիւնը ստուգելու պահէն։
Փոխնախարարը յաւելած է, որ անհրաժեշտ վարչարարական եւ թուային գործիքակազմերը արդէն իսկ ներդրուած են, եւ այժմ հիմնական անհրաժեշտութիւնը նօտարական ընթացակարգերու վերաբերեալ հանրային իրազեկուածութեան բարձրացումն է, որպէսզի քաղաքացիները աւելի լայնօրէն կիրառեն այդ հնարաւորութիւնները։

