Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վահան Քերոբեան Գերմանական Ընկերութիւնները Հրաւիրած Է Համագործակցելու Հայկական Կազմակերպութիւններու Հետ

Վահան Քերոբեան Գերմանական Ընկերութիւնները Հրաւիրած Է Համագործակցելու Հայկական Կազմակերպութիւններու Հետ

by MassisPost

ՀՀ տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան Պեռլինի մէջ տեղի ունեցող «Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան միջազգային համաժողովի» (GFFA) շրջանակին մէջ հանդիպած է Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան դաշնային նախարար Ճեմ Օզտեմիրի հետ։ Հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ ՀՀ տնտեսութեան նախարարի տեղակալներ Արման Խոճոյեանը եւ Ռաֆայէլ Գէորգեանը։

Հանդիպման ընթացքին Վահան Քերոբեան ներկայացուցած է գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ իրականացուող ծրագրերը։ Այնուհետեւ զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են աղքատութեան եւ սովի դէմ պայքարի գործընթացին մէջ Հայաստանի ներգրաւուածութեան վերաբերեալ։

Նախարար Վահան Քերոբեան հրաւիրած է գիւղատնտեսութեան ոլորտի գերմանական ընկերութիւնները համագործակցելու հայկական կազմակերպութիւններու հետ։

Ճեմ Օզտեմիր, իր հերթին, առաջարկած է աւելի ընդլայնել համագործակցութիւնը գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջեւ համատեղ մշակել ոլորտի զարգացման ուղղուած ծրագրեր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment