Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռուսաստանի Եւ Հայաստանի Ռազմավարական Շահերը Կը Համընկնին. ՌԴ Դեսպան

Ռուսաստանի Եւ Հայաստանի Ռազմավարական Շահերը Կը Համընկնին. ՌԴ Դեսպան

by MassisPost

Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմավարական շահերը կը համընկնին, երկու երկիրներու յարաբերութիւնները կը շարունակեն կրել դաշնակցային բնոյթ:

Այս մասին «Ռիա Նովոսթի»-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը։

«Ես կ’ելլեմ այն փաստէն, եւ ոչ միայն ես, այլ այդ, բնականաբար, Ռուսաստանի Դաշնութեան ղեկավարութեան դիրքորոշումն է, որ մեր յարաբերութիւնները կը շարունակեն դաշնակցային բնոյթ ունենալ: Գիտէք, շատ բաներ կան, որ պատմականօրէն կը կապեն մեզ: Աւելորդ է ըսել, որ այդ կը կապէ մեր ժողովուրդները պատմութեան բազմաթիւ դարերու ընթացքին», ըսած է Քոփիրքին:

Անոր խօսքով, բացի ասկէ, երկիրները այսօր ունին փոխյարաբերութիւններու շատ լայն գործնական օրակարգ, որ կը վերաբերի պետութիւններու եւ մարդոց կեանքի առանցքային երեսակներուն։

«Համոզուած եմ, որ սա ամուր հիմք, անվտանգութեան սահման կու տայ մեր յարաբերութիւններուն, համոզուած եմ նաեւ, որ հիմնական յարաչափերու առումով մեր ռազմավարական շահերը նոյնպէս առարկայականօրէն կը մերձենան։ Ուստի, կը կարծեմ, միանգամայն ճիշդ է, որ ռուսական կողմը յստակ կը նշէ, որ մեր յարաբերութիւնները, չնայած բոլոր խնդիրներուն, որոշ թիւրիմացութիւններուն, արտաքին խաղացողներու փորձերուն՝ ճեղքեր ստեղծած են մեր յարաբերութիւններուն միջեւ իրենց պատեհապաշտական, աշխարհաքաղաքական շահերու առումով, պէտք է պահպանեն դաշնակցային, ռազմավարական բնոյթ», ըսած է Քոփիրքին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment