Home Uncategorized Ռուսաստանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Առեւտրաշրջանառութիւնը Կտրուկ Նուազած Է Եւ Պիտի Շարունակուի. Օվերչուք

Ռուսաստանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Առեւտրաշրջանառութիւնը Կտրուկ Նուազած Է Եւ Պիտի Շարունակուի. Օվերչուք

by MassisPost

Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը 2026 թուականին նախորդ տարուայ համեմատ կտրուկ նուազած է, եւ այդ միտումը պիտի շարունակուի։ Այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք։

Անոր խօսքով՝ 2024 թուականին երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը հասած է մրցանշային՝ շուրջ 12 միլիառ տոլարի։ 2025 թուականին այն նուազած է մինչեւ մօտ 8 միլիառ տոլար, իսկ 2026 թուականին, ըստ Օվերչուքի, գրանցուած է շուրջ երկու երրորդի չափով անկում։

«Այն իրավիճակը, որ կը զարգանայ ԵԱՏՄ-ի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ, կանխատեսելի էր։ Վերջին երեք-չորս տարուայ ընթացքին մենք մեր հայ գործընկերներուն կ’ըէինք, որ նման վտանգներ կան, մասնաւորապէս՝ առեւտրաշրջանառութեան նուազման վտանգը»,- նշած է Օվերչուք։

Ան առեւտրաշրջանառութեան անկումը կապած է Հայաստանի եւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան (ԵԱՏՄ) միջեւ յարաբերութիւններուն շուրջ ստեղծուած իրավիճակին հետ՝ ընդգծելով, որ Մոսկուան նախապէս եւս զգուշացուցած էր նման զարգացման հնարաւորութեան մասին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment