Տարածքային կառավարման փոխնախարար Նարեկ Ապիտոնեան եւ ԱՄՆ պետական քարտուղարի՝ անվտանգային աջակցութեան հարցերով փոխտեղակալ Շոնա Ուիլսըն Երեւանի մէջ քննարկած են Հայաստանի մէջ նոր միջուկային ուժանիւթապլոքի կառուցման հարցը: Պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ այս հարցին շուրջ այլ մանրամասնութիւններ չկան, պարզ չէ՝ ամերիկեան կողմը արդեօք ուժանիւթապլոքի կառուցման առաջարկ ներկայացուցած է:
Երեւանի հաղորդմամբ՝ կողմերը քննարկած են նաեւ ուժանիւթային ոլորտին մէջ հայ-ամերիկեան համագործակցութեան շրջանակին մէջ իրականացուող ծրագրերու ընթացքն ու համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները։
Փոխնախարար Ապիտոնեան նշած է, որ «Ատոմային նոր էներգաբլոկի կառուցում» ընկերութիւնը արդէն գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնակատար ունի [խմբ. – երէկ այդ պաշտօնին նշանակուած է Գարիկ Նալբանդեանը] եւ յոյս յայտնած է, որ այդ նշանակումը նոր թափ պիտի հաղորդէ Հայաստանի մէջ նոր միջուկային ուժանիւթապլոքի կառուցման աշխատանքներուն, այդ շարքին՝ ամերիկեան ընկերութիւններոն հետ համագործակցութեան։
Մեծամօրի աթոմակայանի շահագործման աւարտին տասը տարիէն աւելի քիչ մնացած է, եւ, դատելով Հայաստանի վարչապետի վերջին յայտարարութիւններէն, Երեւանը, ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն, այժմ հակուած է ոչ թէ փոքր մոտուլային, այլ մեծ ռէակտորով նոր աթոմակայանի կառուցման:
Սեպտեմբերի վերջը «Ռոսատոմ»-ի ղեկավարը Երեւան կատարած այցի ընթացքին ներկայացուցած էր «ВВЭР-1000» պլոքի կառուցման առաջարկը: ВВЭР-1000-ը ջուրով սառեցուող ջրային ռէակտոր է (Водо-водяной энергетический реактор)՝ 1000 Մվթ ելեկտրական հզօրութեամբ:
Երեւանի մէջ վարչապետ Փաշինեանի հետ հանդիպումէն յետոյ ռուսական կողմը կը պնդէ, թէ «Ռոսատոմ»-ը Հայաստանէն դրական ազդակներ ստացած է նոր ուժանիւթապլոքի կառուցման իր առաջարկին վերաբերեալ:
Պաշտօնական Երեւանը, սակայն, դեռ չի յստակացներ, որ երկրի առաջարկին նախապատուութիւնը պիտի տայ: Վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է, որ վերջնական որոշումը պիտի կրէ բացառապէս տնտեսական բնոյթ՝ հաշուի առնելով գինը, որակը, անվտանգութիւնը, ժամկէտները եւ երաշխիքները։


