Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Պաքուէն Հնչող Յայտարարութիւնները Կը Համարեմ Լրջագոյն Հարուած Խաղաղութեան Գործընթացին»․ Փաշինեան

«Պաքուէն Հնչող Յայտարարութիւնները Կը Համարեմ Լրջագոյն Հարուած Խաղաղութեան Գործընթացին»․ Փաշինեան

by MassisPost

«Վերջին օրերին Պաքուից հնչող յայտարարութիւնները համարում եմ լրջագոյն հարուած խաղաղութեան գործընթացին», Գաւառի մէջ, կուսակիցներու առջեւ ելոյթ ունենալով, յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ ընդգծելով, որ ամենաբարձր մակարդակով Ատրպէյճանէն հնչող յայտարարութիւնները կը հակասեն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն։

«Առաջին տպաւորութիւնը այն է, որ, ի հեճուկս այս պայմանաւորուածութիւնների, Ատրպէյճանը փորձում է տարածքային պահանջներ յառաջացնել Հայաստանի նկատմամբ, ինչն անընդունելի է», ըսաւ վարչապետը։

Խօսելով խախտուած պայմանաւորուածութիւններուն մասին՝ Փաշինեան ընդգծեց, որ սահմաններու սահմանազատումն ու սահմանագծումը պէտք է հիմնուած ըլլան 1991-ի Ալմաթիի հռչակագրին վրայ, այսինքն՝ նոր սահման ստեղծել պէտք չէ։

«Սահմանների սահմանազատման գործընթացը սահման ստեղծելու մասին չէ, սահմանազատման յանձնաժողովները պէտք է գնան ոչ թէ սահման ստեղծեն, այլ պէտք է վերարտայայտեն, վերարտադրեն այն սահմանները, որոնք գոյութիւն են ունցել 1991-ին Ալմա-աթայի հռչակագիրը ընդունելու պահին», ըսաւ Փաշինեան։

«Ինչ պայմանով Իրանը տրամադրում է կապ Նախիջեւանի եւ Ատպէյճանի միջեւ, նոյն պայմաններով մենք էլ ենք պատրաստ տրամադրել էդ կապը»
անընդունելի համարելով Պաքուի կողմէ Հայաստանի նկատմամբ տարածքային պահանջներ յառաջացնելու փորձերը՝ Փաշինեան նաեւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ նկրտումներ որակեց «Զանգեզուրի միջանցքի» մասին Ալիեւի յայտարարութիւնները։

«Որպէսզի այս բառային խաղերից դուրս գանք, մենք ի՞նչ ենք ասում՝ ասում ենք՝ ինչ պայմանով Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը տրամադրում է կապ Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միւս հատուածի միջեւ, նոյն պայմաններով մենք էլ ենք պատրաստ տրամադրել էդ կապը՝ ե՛ւ երկաթուղային, ե՛ւ աւտօճանապարհային», ըսաւ վարչապետը։

Նիկոլ Փաշինեանը եւս մէկ անգամ վերահաստատեց Հայաստանի դիրքորոշումը՝ ճանապարհները եւ սահմանները պէտք է բացուին, բայց հիմնուելով երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան սկզբունքներու վրայ։

«Ընդ որում, Ատրպէյճանն ասում է՝ մենք ուզում ենք անխոչընդոտ տեղաշարժ։ Մենք դէմ չենք անխոչընդոտ տեղաշարժին, բայց անխոչընդոտ տեղաշարժը չի նշանակում օրէնսդրութեան շրջանցմամբ տեղաշարժ», ըսաւ Փաշինեան։

Արձագանգելով Ալիեւի այն պնդումներուն, թէ Հայաստանը 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ պարտաւորուած է անխոչընդոտ կապ տրամադրել Ատրպէյճանին, Փաշինեան հակադարձեց՝ այդ եռակողմ յայտարարութեան կողմերէն երկուքը, փաստաթուղթի ստորագրման պահէն սկսեալ մինչեւ 2023 թուականի Սեպտեմբերը ինկած ժամանակահատուածին, իրենց գործողութիւններով ցոյց տուած են, որ այդ փաստաթուղթը այլեւս գոյութիւն չունի։

«Այն գործողութիւնները, որ ձեռնարկուել են Լեռնային Ղարաբաղում, ընդ որում Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Ատրպէյճանի մասնակցութեամբ, դա վկայութիւնն է այն բանի, որ իրենց համար այդ փաստաթուղթը գոյութիւն չունի։ Չի կարող այդպէս լինել, որ երկու կողմի համար այդ փաստաթուղթն այլեւս չկայ, երրորդ կողմի համար էդ փաստաթուղթը շարունակի գոյութիւն ունենալ։ Եւ յետոյ Ատրպէյճանից ինչ են ասում, ասում են՝ Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ մենք հասանք նրան, որ արձանագրուի, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք» եւ որ Ռուսաստանի Դաշնութիւնն է ապահովելու այդ ճանապարհների անվտանգութիւնը։ Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ էդ երկուսից ոչ մէկը չկայ գրած։ Ոչ մի տեղ գրած չէ, որ ՌԴ-ն Հայաստանի որեւէ տարածքում կապուղիների անվտանգութիւն պէտք է ապահովի։ Էլ չեմ ասում Ատրպէյճանը արդէն երեք տարի «Զանգեզուրի միջանցքի» մասին խօսոյթ է զարգացնում՝ յղում անելով Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան վրայ։ Ով «Զանգեզուրի միջանցք» արտայայտութիւն կը գտնի Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ, խոստանում եմ դրամական պարգեւ», յայտնեց Գործադիրի ղեկավարը։

Ալիեւը Հայաստանէն պահանաջած էր վերադարձնել «բռնագրաւուած ութ գիւղերը», նշելով, որ մշտապէս կը քննարկէ այդ հարցը Հայաստանի վարչապետին հետ։

«Հայաստանն էլ բարձրացնում է 32 գիւղերի հարցեր, որոնց կենսական նշանակութեան տարածքներն բռնագրաւուած են, այդ թւում՝ Գեղարքունիքի մարզում։ Մենք քանի որ հաւատարիմ ենք Ալմա-աթիի հռչակագրի հիման վրայ փոխադարձաբար միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը ճանաչելուն, մենք ի՞նչ ենք ասում, ասում ենք՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բռնագրաւուած տարածքներ պէտք է չլինեն, հետեւաբար այնտեղ, որտեղ պարզուի, որ Հայաստանն է ինչ-որ տարածքներ հսկողութեան տակ պահում, որը տէ իւրէ պատկանում է Ատրպէյճանին, Հայաստանը պէտք է այդ տարածքներից դուրս գայ, իսկ այն տարածքները, որոնք տէ իւրէ պատկանում են Հայաստանին եւ Ատրպէյճանն է պահում տիրապետութեան տակ, Ատրպէյճանը պէտք է դուրս գայ։ Բայց սա գործնականում հնարաւոր չէ իրագործել՝ առանց փոխադարձ համաձայնեցուած քարտէզի, որովհետեւ ինչպէ՞ս որոշենք՝ էս տարածքը Հայաստանի տարածքն է, թ՞է Ատրպէյճանի։ Դրա համար մի ձեւ կայ՝ քաղաքական առումով յենուել 1991 թուականի Ալմա-աթիի հռչակագրի վրայ», ըսաւ Փաշինեան։

Նիկոլ Փաշինեան հակադարձեց նաեւ Հայաստանի կողմէ Ֆրանսայէն կամ Հնդկաստանէն զէնք ձեռք բերելու շուրջ Պաքուէն հնչող քննադատութիւններուն, պնդելով՝ որեւէ երկիր ունի բանակ ունենալու իրաւունք եւ ոչ ոք կրնայ այդ կասկածի տակ դնել։

Ըստ Հայաստանի վարչապետին՝ կողմերուն մտահգութիւները փարատելու համար պէտք է խաղաղութեան այնպիսի պայմանագիր կնքել, որ կը կանխէ պատերազմի հնարաւորութիւնը։

«Բայց երբեմն Ատրպէյճանի առաջարկներին ծանօթանալով, տպաւորութիւն ենք ստանում, թէ փորձ է արւում ստեղծել մի փաստաթուղթ, որով պէտք է օրինակացուի հետագայ պատերազմները։ Սա տրամաբանութիւնից դուրս է», եզրափակեց Փաշինեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment