Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահ Խաչատուրեան Զուիցերիահայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ Հանդիպման Անդրադարձած Է Հարաւկովկասեան Տարածաշրջանի Զարգացումներուն

Նախագահ Խաչատուրեան Զուիցերիահայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ Հանդիպման Անդրադարձած Է Հարաւկովկասեան Տարածաշրջանի Զարգացումներուն

by MassisPost

Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Զուիցերիա կատարած այցի ծիրին մէջ Ցիւրիխի մէջ աշխատանքային ճաշի ձեւաչափով հանդիպում ունեցած է հայկական համայնքի  շարք մը ներկայացուցիչներու հետ:

Նախագահը ներկաներուն մանրամասնութիւններ յայտնած է Հայաստանի ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան հիմնական սկզբունքներուն ու ելակէտերուն, ընդհանուր իրողութիւններուն վերաբերեալ:

Իր խօսքին մէջ նախագահ Վահագն Խաչատուրեան անդրադարձած է հարաւկովկասեան տարածաշրջանի զարգացումներուն, հարեւաններու հետ յարաբերութիւններուն մէջ առկայ իրադրութեան: Այս առումով նախագահը ներկայացուցած է Հայաստանի մօտեցումներն ու դիրքորոշումները՝ տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ տեւական խաղաղութեան հասնելու, հարեւաններուն եւ գործընկերներուն հետ փոխվստահութեան մթնոլորտ ու փոխշահաւէտ համագործակցութիւն ձեւաւորելու հեռանկարներուն վերաբերեալ:

Հանդիպման ընթացքին նախագահ Վահագն Խաչատուրեան անմիջական մթնոլորտի մէջ զրուցած է համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, պատասխանած է անոնց հետաքրքրող հարցումներուն:

Հայաստանի նախագահը մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է մասնաւորապէս Հայաստանի տնտեսական կեանքին մէջ առկայ զարգացումներուն, երկրի պաշտպանունակութեան բարձրացման ուղղութեամբ իշխանութիւններու եւ կառավարութեան ձեռնարկած քայլերուն ու ժողովրդավարական բարեփոխումներու իրականացման վերաբերեալ:

Նախագահնը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուածներու ընկերային եւ մարդասիրական խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան միջոցառումներուն ու ծրագրերուն եւ պատասխանելով ներկաներու հարցումներուն նշած է հայաստանեան իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած այն հիմնական ուղղութիւններն ու սկզբունքները, որոնք դրուած են տեղահանուածներու հիմնախնդիրներու ամբողջական լուծման հասնելու պատկերացումներու հիմքին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment