Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ Բնակչութեան Թուաքանակը Այս Տարուայ Ապրիլ 1-ի Դրութեամբ Կազմած է 2 Միլիոն 991 Հազար 200 Մարդ

ՀՀ Բնակչութեան Թուաքանակը Այս Տարուայ Ապրիլ 1-ի Դրութեամբ Կազմած է 2 Միլիոն 991 Հազար 200 Մարդ

by MassisPost

ՀՀ մշտական բնակչութեան թուաքանակը այս տարուայ տարեսկզբին կազմած է 2 միլիոն 991 հազար 200 մարդ, իսկ Ապրիլ 1-ի դրութեամբ՝ 3 միլիոն 39 հազար 700  մարդ։ Այս մասին civic.am-ը տեղեկացաւ Վիճակագրական Կոմիտէի հրապարակած տուեալներէն։ 2024թ. Յունուար-Մարտին բնակչութեան կենսունակութեան գործակիցը՝ ծնածներու եւ մահացութեան դէպքերու յարաբերակցութիւնը, կազմած է 113.4%, 2023թ. նոյն ժամանակաշրջանի 130.0 %-ի համեմատ (նախնական տուեալներ):

Յունուար-Մարտին Հայաստանի մէջ ծնած է 8.059 մարդ, մահացած՝ 7.104-ը, բնական յաւելաճը կազմած է 955 մարդ, արձանագրուած է ամուսնութեան 3.885, ամուսնալուծութեան 1.104 դէպք։

Յատկանշական է, որ նախորդ տարուայ Յունուար-Մարտի համեմատ աճած են նորագոյացութիւններէն մահուան դէպքերը՝ կազմելով 1.299՝  նախորդ տարուայ 1.248-ի դէպքի դիմաց։ Արեան շրջանառութեան համակարգի հիւանդութիւններէն մահացութեան դէպքերը նոյնպէս նախորդ տարուայ համեմատ աճած են՝ 3.972 դէպք՝ 3.728-ի դիմաց։ Այս տարուայ հաշուետու ժամանակաշրջանին «Քովիտ-19»-էն մահացած է 1 մարդ՝ նախորդ տարուայ 35 մարդու դիմաց։ 0-4 տարեկան երեխաներու մահուան դէպքերը նոյնպէս նախորդ տարուայ համեմատ աճած են՝ 70 դէպք։ 2023-ին արձանագրուած է 62,  2022-ին՝ 67 այդպիսի դէպք։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment